Ր. Յովհաննիսեան Եւ Խ. Սուքիասեան Կը Հրաժարին

By Asbarez | Wednesday, 09 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <Նոյեան Տապան>.- Հայաստանի ԱԺ անկախ պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի Սեպտեմբեր 7ին տարածած յայտարարութեան համաձայն, պատգամաւորը ներկայացուցած է իր հրաժարականը՝ պատգամաւորական մանդատէն։

<<ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորների անսկզբունքային դիրքորոշման եւ անհասկանալի քուէարկութեան հետեւանքով, իմ եւ իմ ԱԺ պատգամաւոր գործընկերների հետ կատարուածը հիմք է տալիս ինձ գալու այն եզրայանգմանը, որ ես այս խորհրդարանում այլեւս անելիք չունեմ եւ ինձ չեմ պատկերացնում ՀՀ ԱԺ պատգամաւորի կարգավիճակում, հետեւաբար վայր եմ դնում իմ պատգամաւորական մանդատը: Վստահ եմ, որ իմ ընտրողները կ՛ողջունեն իմ այս քայլը>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Խ. Սուքիասեան կը մեղադրուի 2008ի մարտեան դէպքերուն մէջ իր ունեցած դերին համար։ Ազգային ժողովը 2008ի Մարտ 4ին բաւարարած էր Աժ 4 պատգամաւորներու՝ Խ. Սուքիասեանի, Միասնիկ Մալխասեանի, Սասուն Միքայէլեանի եւ Յակոբ Յակոբեանի՝ իբրեւ մեղադրեալներ ներգրաւելու եւ կալանաւորելու համաձայնութիւն տալու մասին Գլխաւոր դատախազի միջնորդութիւնը: 2009ի Սեպտեմբեր 2ին, երկար ժամանակ հետախուզման մէջ ըլլալէ ետք ան ինքնակամ ներկայացած էր իրաւապահներուն՝ կալանաւորուած, իսկ Սեպտեմբեր 4ին ազատ արձակուած էր՝ քաղաքէն չբացակայելու ստորագրութեամբ:

Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր, կուսացութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

comments

Advertisement