Նալբանդեան եւ Լաւրով շեշտը դրած են ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ լուծման ջանքերու գործադրութեան կարեւորութեան վրայ

By Asbarez | Monday, 21 April 2014


 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 19 Ապրիլին այցելած է Մոսկուա, ուր աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:

Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը, անդրադարձած են երկկողմանի օրակարգային տարբեր հարցերու:

Էդուարդ Նալբանդեանն ու Սերգէյ Լաւրովը միտքեր փոխանակած են միջազգային արդիական խնդիրներու վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Ընդգծուած է հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած կողմերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միացեալ ջանքերու գործադրութեան կարեւորութիւնը:

 


comments