«Թուիթըր»ի փոխնախագահը ընդունած է Արցախ այցելելու հրաւէրը. Ատրպէյճան՝ ջղագրգիռ վիճակի մէջ

By Asbarez | Monday, 21 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուիթըր» ընկերային ցանցի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հրաւէրը՝ Արցախ այցելելու։ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս մասին արձանագրութիւն զետեղած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը: «Հիասքանչ է: «Թուիթըր»ի փոխնախագահն ընդունել է Ղարաբաղի վարչապետի՝ Արցախ այցելելու հրաւէրը «ԹՈՒՄՕ» կատարելիք յաջորդ այցի ընթացքում», գրած է Բեգլարեան:


Աւելի կանուխ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը Գրիգորեան պաշտօնապէս հրաւիրած էր Արցախ: Ի պատասխան այս հրաւէրին՝ Րաֆֆի Գրիգորեան «Թուիթըր»ի վրայ գրած էր, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նման հրաւէր, սակայն կ՛ափսոսայ, որ արդէն լքած է երկիրը: Այդուհանդերձ ան յայտնած էր, որ կարելի է Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու մանրամասնութիւնները քննարկել «ԹՈՒՄՕ» կատարելիք յաջորդ այցելութեան ընթացքին:

Րաֆֆի Գրիգորեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելու հրաւէրը ընդունելու տեղեկութիւնը արդէն տարածուած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով, որոնք կ՛ահազանգեն, որ «Թուիթըր»ի փոխնախագահը պիտի այցելէ ատրպէյճանական «գրաւեալ» տարածքներ:


comments

Advertisement