«Նախագահին վատ խորհուրդ են տուել Հայ-Թուրքական արձանագրութիւնների մասին». Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Monday, 21 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 Ապրիլին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ հայ-թրքական յայտնի ու աղմկայարոյց արձանագրութիւններուն: Նախագահը խօսած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ազնիւ մղումներուն, Թուրքիոյ կողմէ պայմանաւորուածութիւնները խախտելուն, արձանագրութիւնները չստորագրելուն: Սերժ Սարգսեան նաեւ նշած է, որ ճիշդ քաղաքականութիւն վարած է Հայաստանը՝ նախաձեռնողական կեցուածք որդեգրելով, Հայաստանի դիրքերը միջազգային մակարդակի վրայ ուժեղացած են: Իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան կը պնդէ, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները հայանպաստ չեն:


«Հայաստանը Թուրքիայի հետ սկսում էր յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթաց՝ արձանագրութիւնների միջոցով՝ ի սկզբանէ գիտակցելով, որ դժուար է լինելու», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ աւելցնելով, որ «գիտէինք՝ ում հետ գործ ունենք եւ գործընթացի սառեցումը եւս կանխատեսելի էր»: Սերժ Սարգսեան անդրադարձած էր նաեւ ընդդիմախօսներուն, որոնք կը պնդեն, որ արձանագրութիւնները առնուազն երկու շատ մեծ բացասական կողմ ունեն: Առաջին բացասականը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի կասեցումն էր: «Հիմա ես հարցնում եմ ձեզ, եւ այդ մարդկանց՝ ինչո՞վ են այսօր թուրքերն զբաղուած այդ հարցում: Իրենց ողջ ուժերը նետել են Միացեալ Նահանգների սենատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի՝ Ցեղասպանութեանը վերաբերող բանաձեւի դէմ պայքարելուն: Գիտէ՞ք, որ վերջին 24 տարիների ընթացքում սա առաջին այդպիսի որոշումն է: Եթէ մենք վնաս ենք հասցրել այդ գործընթացին եւ այն, ըստ ոմանց, պէտք է կասեցուէր, ապա ինչու՞ է այսպիսի իրավիճակ այսօր», նշած է նախագահ Սարգսեան:

Ի պատասխան՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնած է. «Փաստը, որ մի քանի շաբաթ առաջ Սենատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովը բանաձեւ որդեգրեց, դա ոչ թէ արձանագրութիւնների արդիւնքն էր, այլ՝ դրանց չգործելու»:

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի դանդաղելուն անդրադառնալով՝ Կ. Մանոյեան հաշուած է այն երկիրները, որոնք արձանագրութիւններու ի յայտ գալէն ետք՝ 2009 թուականէն ի վեր ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «1 երկիր է ճանաչել՝ Շուէդիան, եւ դա ընդամէնը 1 քուէով, նաեւ Միացեալ Նահանգների յանձնաժողովն է բանաձեւ որդեգրել՝ մէկ քուէի տարբերութեամբ, բայց դա մօտ էր արձանագրութիւնների ստեղծմանը: Շուէդիայի պարագայում կառավարութիւնն ասում էր, որ մենք պէտք չէ միջամտենք մի գործընթացի, երբ երկու կողմերը համաձայն են», դիտել տուած է Մանոյեան։

Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ արձանագրութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապին: «Կա՞յ արդեօք մէկը, ով այսօր առանց աչքերը գետնին յառելու կը պնդի, որ այդ արձանագրութիւնները վնասել են Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծմանը եւ որ այդ արձանագրութիւններով ուղղակի մենք հիմք են ստեղծում փոխզիջումների: Խնդրից տեղեակ մարդիկ գիտեն, որ այսօր մենք այդ գործընթացում ունենք շատ հաստատուն դիրք, ամուր հիմքեր»:

Կիրօ Մանոյեան հաստատած է, որ արձանագրութիւնները կարելիութիւն են Թուրքիոյ ձեռքը՝ միջամտելու փորձ ընելու. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ պէտք է Թուրքիան առաւել մասնակից դարձնել Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացում:

«Եւրոպան ասում էր, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուի, հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնները կը նորմալանան, Միացեալ Նահանգներն ասում է, որ Թուրքիան պէտք է աւելի մասնակից կը լինի Ղարաբաղի հարցի կարգաւորմանը», դիտել տուած է Մանոյեան:

Արձանագրութիւններուն հայանպաստ ըլլալուն համար Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս մեկնաբանութիւն կատարած է. «Եթէ շատերն ասում էին, որ այդ փաստաթուղթը, աւելի ճիշդ, այդ երկու փաստաթղթերը հայանպաստ չեն, այլ ակնյայտօրէն Թուրքիայի շահերից են բխում, այդ դէպքում ինչո՞ւ մինչեւ հիմա թուրքերը չեն վաւերացնում այդ փաստաթղթերը», հարցուցած է նախագահը:

«Նախագահին վատ խորհուրդ են տուել հայ-թուրքական արձանագրութիւնների մասին, որովհետեւ եթէ այդքան լաւն են, ապա ինչո՞ւ Հայաստանը չի վաւերացնում», նշած է Կիրօ Մանոյեան:

Արձանագրութիւնները, ըստ Կիրօ Մանոյեանի, վատ են եւ պէտք է օր առաջ ազատիլ անոնցմէ, քանի դեռ Թուրքիան չէ որոշած օր մը զանոնք օգտագործել:


comments

Advertisement