«Դէմ Եմ»ը իրազեկման արշաւին կը սկսի «Բակ առ բակ, դուռ առ դուռ»

By Asbarez | Monday, 21 April 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Դէմ եմ» շարժումը որոշած է անհատական յարաբերութիւններու միջոցով քաղաքացիները տեղեկացնել իրենց իրաւունքներուն մասին:
Քանաքեռ-Զէյթուն շրջանին մէջ՝ Դաւիթ Անյաղթի արձանին մօտէն, ամէն բակի, ամէն շէնքի կողքով անցնելու ատեն «Դէմ եմ»ի փոքրաթիւ խումբը բնակիչները կը յորդորէ միանալ իր պայքարին եւ կը յիշեցնէ, որ գործատուները, Սահմանադրական դատարանի որոշման համաձայն, մարդու կամքին հակառակ իրաւունք չունին պահումներ կատարելու աշխատավարձերէն։

«Մենք չենք ամաչում բարձրախօսն առնել ու դռնէ դուռ մարդկանց իրազեկել», յայտնած է «Դէմ եմ»ի անդամ Հայկ Աւետիսեանը՝ խօսքը ուղղելով պատշգամներէն վար նայող բնակիչներուն, որոնք յաճախ նաեւ երիտասարդները կը քաջալերեն։

21 Ապրիլի շարժումին ընթացքին Հայկ Աւետիսեան անգամ մը եւս շեշտած է, որ նորանշանակ վարչապետին հետ քննարկման առարկայ կրնայ դառնալ միայն նոր մշակուող օրէնքը:

Խումբը կը սպասէ խոստացուած փաստաթուղթի հրապարակման, նոյնիսկ չի բացառեր, որ իր անդամներէն նաեւ կը պատրաստուին ցոյց կատարելու Ազգային ժողովի շէնքին մօտ։

Այս բոլորին զուգահեռ, «Դէմ եմ» խումբը նաեւ դատական հայց ներկայացնելու կը պատրաստուի «Կենտրոնական դեպոզիտարիա»ին դէմ, որ այսօր, առանց քաղաքացիները տեղեակ պահելու, ֆոնտ ու կառավարիչ կ՛ընտրէ անոնց փոխարէն:

 


comments

Advertisement