Վարչապետին հանդիպումը խորհրդարանական 5 ուժերուն հետ

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 22 Ապրիլին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացաւ կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքի պարտադիր բաղադրիչին վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ խորհրդարանական 5 ուժերու միացեալ քննարկումը, որուն չմասնակցեցաւ ՀԱԿը:


Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան՝ դրական գնահատելով հանդիպումը, նշեց, որ վարչապետը ներկայացուցած է կուտակային համակարգի վերաբերեալ այն մօտեցումները, որոնք հրապարակած էր «Դէմ եմ» շարժման հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Անոր համաձայն, կառավարութեան կողմէ պատրաստուած օրէնքի նախագիծը պիտի ամբողջանայ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին, անկէ ետք կարելի պիտի ըլլայ վերջնական եզրակացութիւն տալ: «Շատ ենք կարեւորում այն, որ վարչապետը պատրաստակամ է խնդիրները լուծել եւ բարձրացուած հարցերին լիարժէք պատասխաններ տալ», յայտնեց պատգամաւորը:

Իր կարգին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով հանդիպումին՝ ըսաւ. «Կառավարութիւնը չի կարող իրականացնել մի ծրագիր, որին ողջ հասարակութիւնը դէմ է։ Նոր վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը դա հասկանում է, դրա համար է կուտակայինի հարցում զիջումների գնալու գործընթաց է սկսել»։

«Մենք կառավարութեան ներկայացուցիչների հետ կը փորձենք գտնել կոմպրոմիսային լուծումներ, որի արդիւնքում հասարակութիւնը կը հասկանայ, կը վստահի իրականացուող քայլերին», նշեց Ռուստամեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւս նշեց, որ անկախ ամէն բանէ, կուտակային կենսաթոշակներու օրէնքին վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումը ոչ մէկ պաշտօնեայ կրնայ շրջանցել: «Սա անձից կախուած չէ եւ անկախ վարչապետի փոփոխութիւնից, Սահմանադրական դատարանի որոշումը պարտադիր կատարման ենթակայ է: Միւս կողմից, եթէ որեւէ խնդիր հիմնաւոր է, փաստարկուած է եւ ունի հասարակութեան աջակցութիւնը, կառավարութիւնը չի կարող աչք փակել դրա վրայ», յայտնեց Վարդանեան։




comments

Advertisement