«Ժողովուրդն ուզում է տրամաբանուած քայլեր». Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 22 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ 18-20 Ապրիլին Աղուերանի մէջ գումարուած ՀՅԴ Գերագոյն ժողովը վերահաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ համախոհական կառավարութեան եւ պիտի շարունակէ գործել ընդդիմութեան դաշտին մէջ: Ան անգամ մը եւս անդրադարձաւ այն պատճառներուն, թէ ինչու Դաշնակցութիւնը հրաժարած է համախոհականին մաս կազմելէ: Ռուստամեանի համաձայն՝ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններէն չէ ստացած ամբողջական երաշխիք այն մասին, որ ընդունելի է իրենց ներկայացուցած առաջարկներու թղթածրարը՝ բաղկացած արդէն իսկ յայտարարուած 7 կէտէն:


«Իշխանութիւններն այդ դուռը բաց են թողել՝ ասելով, որ դեռ կ՛անդրադառնան այդ եօթ կէտերին: Եթէ մեր առաջարկութիւններն ընդունուէին, մենք պատրաստ էինք ստանձնել ամբողջական պատասխանատուութիւն, որպէսզի յստակ ժամանակացոյցով իրականացուէին այդ եօթ կէտերը: Կոալիցիային մաս կազմելը մեզ համար ինքնանպատակ չէ, չէ՞ որ 2009ին մենք կոալիցիայից դուրս եկանք իշխանութիւնների կողմից այդ եօթ կէտերի խախտման պատճառով: Եւ մեր յարաբերութիւնը նոր կառավարութեան հետ պայմանաւորուած կը լինի նրանով, թէ որքանով է կառավարութիւնը իրականացնում այդ եօթ կէտերը», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ այդ պարագային Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր ներուժը ներդրել՝ համակարգային փոփոխութիւններ իրականացնելու համար: Ինչ կը վերաբերի նախագահին հրաժարականը պահանջելուն, Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ մարդոց փոփոխութենէն ետք կը կատարուի այնպիսի փոփոխութիւն, որ նոյն բանը չկրկնուի: «Մենք դա ասում ենք դառը փորձից, որպէսզի իշխանափոխութեան արդիւնքներից չօգտուեն նրանք, ովքեր արեցին այդ փոփոխութիւնը, որպէսզի երաշխիք լինի, որ անձանց փոխելուց յետոյ նոյնը չի կրկնուի», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Անոր համաձայն՝ մարտավարական առումով տեղին է ոչ միայն «դէմ» խօսիլը, այլեւ տրամաբանական քայլերու տեսլական ունենալը, քանի որ ժողովուրդը կ՛ուզէ տրամաբանական քայլեր, որոնք աւելի մեծ առիթներ կ՛ապահովեն իշխանափոխութեան համար:


comments

Advertisement