By Asbarez | Friday, 25 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 25 Ապրիլին տեղի ունեցած պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի հերթական նիստ՝ նուիրուած հակաօդային պաշտպանութեան կատարելագործման ուղիներուն: Նիստին նախագահած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Նիստին մասնակցած են նախագահի խորհրդական, գլխաւոր ռազմական տեսուչ, զօր.-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեան, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պատասխանատու զօր.-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, պաշտպանութեան նախարարի, գլխաւոր ղեկավարման մարմինի տեղակալները, տարբեր վարչութիւններու պետեր, զօրամիաւորումներու հրամանատարներ եւ այս ծիրին մէջ գործող այլ պատասխանատուներ։
Ներկայացնելով նիստին օրակարգը՝ պաշտպանութեան նախարար Ս. Օհանեան կարեւոր նկատեց ՀՕՊ զօրքերու դերակատարութիւնը ազգային բանակի մարտունակութեան ապահովման իմաստով: Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ ՀՕՊ զօրքերը այսօր զինուած ուժերու ամէնէն մարտունակ ու կայացած զօրատեսակներէն են, իսկ նորագոյն սպառազինութեան համալրուածութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւնները բացառիկ մակարդակի վրայ են:
Նիստին ընթացքին հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկած է ՀՕՊ զօրքերու վարչութեան պետ, գնդապետ Արմէն Վարդանեանը, որ հանգամանալից կերպով ներկայացուցած է ՀՕՊ համակարգի ներկայի վիճակը եւ ուսումնանիւթական հիմքի կատարելագործման ուղիները: Գնդապետ Արմէն Վարդանեանի խօսքերով՝ «վերջին շրջանում զգալի աշխատանքներ են տարուել սպառազինութեան ու ռազմական տեխնիկայի յուսալի եւ անխափան գործարկումն ապահովելու ուղղութեամբ, համալրուել են ռազմատեխնիկական միջոցները, կատարելագործուել են անձնակազմի մասնագիտական կարողութիւնները»:
ՀՕՊ զօրքերու մարտական խնդիրներու կատարման պատրաստականութեան, կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, սպառազինութեան ու ռազմական համակարգերու վերազինման ուղղութեամբ տարուող եւ տարուելիք աշխատանքներուն, ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ այլ հարցերոո վերաբերեալ զեկոյցներով ու առաջարկներով հանդէս եկած են վարչութիւնների պետեր, զօրամիաւորումներու հրամանատարներ, այլ բարձրաստիճան սպաներ:
Նիստէն ետք զօրատեսակի անձնակազմի մասնագիտական պատրաստութեան կատարելագործման, արձանագրուած ձեռքբերումներու եւ հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներու վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուած են:
Ի մի բերելով արծարծուած հարցերը՝ պաշտպանութեան նախարարը կատարուելիք աշխատանքներուն առնչութեամբ տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ