Արցախի Նախագահը Կը Հանդիպի ԱՄՆ Քոնկրեսի Անդամներու Հետ

By Asbarez | Friday, 25 April 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ Ապրիլ 25ին, Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ ԱՄՆի Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի գլխաւորած քոնկրեսականներու խումբին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի հարցի կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Նախագահ Սահակեանի պաշտօնական կայքը հետեւեալ ձեւով ներկայացուցած է հանդիպման լուրը.

«Երկուստեք կարեւորուել է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակներում: Նախագահ Սահակեանը նշել է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր է համարում ԱՄՆի հետ յարաբերութիւնների զարգացումը՝ դիտարկելով այն որպէս բարեկամ երկիր, որտեղ բնակւում են միլիոնաւոր հայեր:
«Հանդիպմանը մասնակցում էին ԼՂՀ արտաքին գործերի նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախմբի մի խումբ անդամներ՝ ատենապետ Քէն Խաչիկեանի գլխաւորութեամբ, պաշտօնատար այլ անձինք»:

 


comments