ՀՅԴ Թափ Կու Տայ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Դէմ Պայքարին

By Asbarez | Wednesday, 09 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումի պայմանաժամը այնքան ալ երկար չէ եւ Դաշնակցութիւնը ժամանակը պիտի օգտագործէ, որպէսզի ժողովուրդը զօրաշարժի ենթարկէ ու համաժողովրդային ալիքով ձախողեցնէ զայն. նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Սեպտեմբեր 8ին, <<Հայեացք>> ակումբին մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը, ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, պարզապէս դիւանագիտական կապերու հաստատում չէ, այլ ան կ՛ենթադրէ շատ աւելի լուրջ, խորքային հարցերու քննարկում:

Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին խօսելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը փաստաթուղթէն բխած վտանգներու մասին յայտնեց, թէ <<Դրանով հրաժարւում ենք մեր սերունդներին պատկանող իրաւունքից, մենք խնդրոյ առարկայ ենք դարձնում Ցեղասպանութեան փաստը, որը Հայաստանի հանրապետութեան համար անվտանգութեան հարց է, մեր ազգի արժանապատուութեան հարցն է, արդարութեան հարց է եւ Հայ Դատի պայքարի բաղկացուցիչ մասն է>>:

Հրանդ Մարգարեան սխալ կը նկատէ փաստաթուղթին մէջ առկայ՝ <<այլ պետութիւնների հողային իրաւունքները>> ճանչնալու մասին դրոյթը՝ միաժամանակ նշելով, որ որեւէ յիշատակում չկայ ազգային ինքնորոշման իրաւունքին մասին:

<<Հետաքրքիր է՝ Թուրքիան ու Հայաստանը պայմանաւորւում են այլ երկրների հողային ամբողջականութի՞ւնը ճանաչել: Ինչո՞ւ այդտեղ միւս սկզբունքների կողքին գրուած չէ ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը: Դա չի՞ վերաբերում Ատրպէյճանին: Գուցէ Ֆրանսիայի՞ն է վերաբերում:

Դուք էլ, եթէ վերցնէք փաստաթուղթը եւ կը կարդաք, կը տեսնէք, որ կա՛մ եզը եզ չի, կա՛մ եզան տակը հորթ չի>>:
Հրանդ Մարգարեանի կարծիքով, եթէ փաստաթուղթ կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, ընդամէնը պէտք է <<այո>> կամ <<ո>>չ ըսել անոր հանդէպ, ուրեմն ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ անկախ բնակութեան վայրէն եւ քաղաքական դիրքորոշումէն, պէտք է բարձրաձայն իր <<ո>>չը ըսէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պատրաստած է փոփոխութիւններու փաթեթ եւ մօտ օրերս զայն պիտի ներկայացնէ ժողովուրդին: Կուսակցութիւնը պիտի պայքարի գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթի ընդունումը ձախողեցնելու համար: Իսկ թէ ի՞նչ միջոցներով պիտի հետապնդուի այդ աշխատանքը, ըստ Հ. Մարգարեանի, կը հրապարակուի շատ շուտով: Յամենայնդէպս, պայքարը պիտի տարուի քաղաքակիրթ ձեւով՝ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի:

Մարգարեան չի կարծեր, որ իշխանութիւնը չանսայ ոտքի կանգնած ժողովուրդի ձայնին, որովհետեւ նման կեցուածք զայն կը տանի կամաւոր ինքնասպանութեան. <<Բոլոր իշխանութիւնները, որ ժողովրդի կամքին դէմ են գնացել, ոչնչացել են: Ազգի պառակտումը, կարծում եմ, աւելի մեծ վտանգ է, որը բոլորս պէտք է գիտակցաբար կանխենք, իշխանութիւններն՝ իրենց հերթին, մենք բոլորս՝ մեր հերթին>>:

Այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ արտաքին գործոց նախարարին հրաժարականը, եթէ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր պատասխանատուն նախագահն է, Մարգարեան պատասխանած է, որ եթէ Սերժ Սարգսեան բանիմաց ըլլար արտաքին քաղաքական հարցերու մէջ, ժամանակին ոչ թէ պաշտպանութեան նախարար կը նշանակուէր, այլ՝ արտաքին գործոց:

<<Նախագահը, ի վերջոյ, աշխատում է պրոֆէսիոնալ (մասնագէտ-Խմբ.) անձնակազմի հետ: Արտգործնախարարը արտաքին քաղաքական հարցերում նախագահի գլխաւոր խորհրդատուն է: Ես նախագահին պաշտպանելու խնդիր չունեմ: Անշուշտ, նախարարի հրաժարականը պահանջելով՝ կեցուածք ենք ցոյց տալիս նաեւ նախագահի նկատմամբ: Նախագահի հրաժարական պահանջելը բացառուած չէ, կարելի է մի օր էլ հասնել նման գործելաոճի>>, նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ ղեկավարը ինքզինք պէտք է շրջապատէ ճիշդ մարդոցմով: Ան նշեց, որ տարիներ շարունակ Սփիւռքը մեծագոյն ջանքեր գործադրած է Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային քննարկման առարկայ դարձնելու համար, որպէսզի նաեւ անկախ Հայաստանը զայն դարձնէ իր արտաքին քաղաքականութեան բաղկացուցիչը:

<<Եւ այս ամէնից յետոյ գալ ու թեթեւ ձեռքով այդ ամէնը զիջե՞լ: Յանուն ինչի՞: Ի՞նչ ենք ստանում: Վերջապէս պէտք է ունենալ արժանապատուութիւն: Դա բոլորիս թասիբն (պատուախնդրութիւնն-Խմբ.) է, դա բոլորիս նամուսի (պատիւի-Խմբ.) խնդիրն է: Պէտք է վիրաւորուել, պէտք է ընդվզել, պէտք է հասկանալ, որ այն, ինչ 70 տարուան պայքարով ենք ձեռք բերել, թեթեւ ձեռքով չտանք>>, նկատեց Հ. Մարգարեան, որուն կարծիքով, նախագահը պէտք է հրաժարի արտաքին գործոց նախարարէն եւ նոր սկիզբ դնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Այլապէս պետութիւնը թոյլ կու տայ սխալներ, որոնց գինը պիտի վճարենք տասնեակ տարիներ:

Խնդիրի առնչութեամբ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է համագործակցելու բոլոր ուժերուն հետ, ուստի Հրանդ Մարգարեան համախմբման կոչ ուղղեց բոլորին, ի հարկէ, եթէ այդ ուժերուն նպատակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցի շահարկմամբ սեփական ծրագիրները իրագործել չէ, այլ՝ ազգի պահանջները ներկայացնելն ու այդ ճամբով ազգը կարեւոր հանգրուանի հասցնելը:

Հրանդ Մարգարեան ճիշդ չի նկատեր հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղուած արձանագրութիւններուն առիթով հանրաքուէ կազմակերպելը, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային ժողովին կողմէ այդ փաստաթուղթերը վաւերացնելը: Ըստ անոր, ընտրութիւնները կեղծելու աւանդոյթ ունեցող Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ ժողովուրդին իրական կարծիքը իմանալ, եւ այս պարագային, արդար չէ պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ նետել ազգին եւ սերունդներուն վրայ:

Դաշնակցութեան համար նախընտրելի է, որ նախագահը փորձէ քաղաքական ուժերուն հետ քննարկել խնդիրը եւ ճիշդ եզրակացութեան յանգի:

Դաշնակցութիւնը մտադիր է նախագահին հետ հանդիպիլ, երբ ան վերադառնայ Խրուաթիայէն: Նշենք, որ Մարգարեան վերջին անգամ նախագահին հետ հանդիպած է Օգոստոս 31ին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement