Նոր կառավարութեան կազմը կը ձեւաւորուի

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ՝ նոր վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան նախարարներ վերանշանակելու կամ նշանակելու մասին:

Հրամանագիրով մը Արմէն Գէորգեանը վերանշանակուած է նոր կառավարութեան տարածքային կառավարման նախարար եւ փոխվարչապետ: Շաբաթավերջին հրապարակուած այլ հրամանագիրներով Արտեմ Ասատրեանը եւ Արմէն Աշոտեանը վերանշանակուած են աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարներու պաշտօններուն վրայ:

Գագիկ Խաչատրեան ազատ կացուցուած է պետական եկամուտներու կոմիտէի ղեկավարի իր պարտականութիւններէն եւ նշանակուած ելեւմուտքի նախարար:

Նախապէս կառավարութեան մէջ կատարուած նոր փոփոխութիւններէն էականը Կարէն Ճշմարիտեանն է՝ որպէս տնտեսութեան նախարար եւ Դաւիթ Յարութիւնեանը՝ որպէս Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար- նախարար: Վերջինս փոխարինած է Վաչէ Գաբրիէլեանը, որը նոր կառավարութեան մէջ պիտի աշխատի որպէս վարչապետի խորհրդական:


comments

Advertisement