Ազգային ժողովի հաշուիչ ժամանակաւոր յանձնաժողովին մէջ ՀՀԿն 7 աթոռ պիտի ունենայ

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 68 թեր, 1 դէմ քուէներով Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովի Հաշուիչ ժամանակաւոր յանձնաժողովի կազմի փոփոխութեան վերաբերեալ որոշումը:


Ըստ այդմ, յանձնաժողովը պիտի ունենայ 13 անդամ, որուն 7ը՝ ՀՀԿի ներկայացուցիչ, 2ը՝ ԲՀԿի եւ մէկական միւս խմբակցութիւններէն:

Քուէարկութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հարցի քննարկումը, հարցը ներկայացնող յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀԿի պատգամաւոր Սուքիաս Աւետիսեան յայտարարեց, որ նախագիծը նոյն ձեւով կը դրուի քուէարկութեան, քանի որ որեւէ լուրջ առաջարկ չէ ներկայացուած:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան. «Սա որոշում է, որը հակասում է Ազգային ժողովի կանոնակարգին»:

Չմասնակցելու մասին յայտարարեցին նաեւ «Ժառանգութիւն», ՀԱԿ, ԲՀԿ խմբակցութիւններու ղեկավարները:

«Համաձայն եմ, որ խախտում ենք ոչ միայն խաղի կանոնները, այլ խաղի կանոնները խախտելով խախտում ենք օրէնքը: Մենք չենք մասնակցելու քուէարկութեանը», յայտնած է Ռուբէն Յակոբեան:

ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ըսաւ. «ՀԱԿն արձանագրում է, որ սոյն արտահերթ նիստով եւ որոշումով Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւնները բալագանի են վերածւում: Այդ բալագանին մասնակցելու ցանկութիւն չունենք: Չենք մասնակցելու ոչ այս որոշման, ոչ նախագահի ընտրութեան քուէարկութեանը»:

ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան դիտել տուած է, որ կուսակցութիւնը պիտի քուէարկէ այն օրէնքներուն եւ որոշումներուն, որոնք կը պահպանեն Ազգային ժողովի կանոնակարգը:

«Խիստ հասկանալի պատճառներով ԲՀԿն չի մասնակցի քուէարկութեանը», ըսաւ ան։

Աւելցնենք, որ Ազգային ժողովի հինգ խմբակցութիւնները՝ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն», «Օրինաց երկիր», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ ՀԱԿ, յայտարարած էին Հաշուիչ ժամանակաւոր յանձնաժողովի կազմէն դուրս գալու մասին:

«Մենք կը գտնենք ելքեր, որոնք չեն հակասի օրէնսդրութեանը», նշեց Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Էդուարդ Շարմազանով:
Հաշուիչ յանձնաժողովը ունի 11 անդամ, որոնցմէ 5ը միայն Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներն են, եւ յանձնաժողովին մէջ անհրաժեշտ մեծամասնութիւն կարելի է ունենալ միայն անդամներու կէսէն աւելիի պարագային։


comments

Advertisement