Առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցները կ՛աջակցին Քեսապահայութեան

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցները դրամական աջակցութիւն պիտի տրամադրեն քեսապահայութեան: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած են նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն: Առաջնորդուելով ընկերային պատասխանատուութեան սկզբունքով՝ քեսապահայ մեր հայրենակիցներուն օգնելու այս կարեւոր, հայրենանուէր եւ ազնիւ նախաձեռնութեան մասնակցած է առողջապահութեան նախարարութեան 204 աշխատակից:


Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մէջ բացուած քեսապահայերու աջակցութեան հաշիւին փոխանցուած է 1 միլիոն 249 հազար դրամ:


comments

Advertisement