Հայաստան այցելած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու պատուիրակութիւնը

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 27 Ապրիլին Հայաստան հասած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու մէկ պատուիրակութիւնը։ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ այս այցելութեան նպատակն է ուժերու եւ միջոցներու համատեղ կիրարկման եւ համաձայնեցուած ռազմավարական ծրագրաւորման մեթոտներու որոշում, զինուած ուժերու, սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի զարգացման հարցերու համատեղ քննարկում, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման ծիրին մէջ խորհրդատուութեան տրամադրում։


28 Ապրիլին կայացած բանակցութիւններուն հայկական կողմէն մասնակցած են պաշտպանական քաղաքականութեան, Հայաստանի զինուած ուժերու գործնական եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութիւններու ղեկավար կազմը եւ համապատասխան մասնագէտներ:


comments