Գալուստ Սահակեան եղաւ ազգային ժողովի նախագահ

By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի խորհրդարանը Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին, քուէներու 101 թեր, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց Գալուստ Սահակեանը:


Ուշագրաւ է այն, որ փակ քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակումէն առաջ իսկ հանրապետականները կը շնորհաւորէին Սահակեանը, կը մօտենային ու կը համբուրէին զինք. շնորհաւորողներուն կարգին էին նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի պատգամաւորները:

Քուէարկութեան մասնակցեցան նաեւ ոչ իշխանական «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Օրինաց երկիր» խմբակցութիւններու պատգամաւորները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան դիտել տուած է, որ խմբակցութեան անդամները ազատ ձգուած են, եւ իւրաքանչիւրը քուէարկած է իր խիղճին համաձայն:

Այսպիսով, Ազգային ժողովի նախագահ դարձաւ Գալուստ Սահակեանը: Ան խորհրդարանի նախագահին աթոռին նստելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային ժողովին, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան, նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ զինք այդ պաշտօնին առաջադրելուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ին եւ «Օրինաց երկիր»ին՝ հաւանաբար նկատի առնելով այն, որ անոնք եւս թեր քուէարկած են իր թեկնածութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այն խմբակցութիւններուն, որոնք պոյքոթի ենթարկած ու չէին մասնակցած քուէարկութեան՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսին (ՀԱԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ «Ժառանգութեան»:

Նշենք, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսէն քուէարկութեան մասնակցեցան Նիկոլ Փաշինեանը, իսկ «Ժառանգութենէն»՝ Ալեքսանդր Արզումանեանը: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փաշինեան յայտնած էր, թէ, հակառակ անոր որ ՀԱԿը պոյքոթի ենթարկած էր ընտրութիւնները, սակայն ինք մասնակցած է, որովհետեւ պէտք է մէկը դէմ քուէարկէր Գալուստ Սահակեանին:

Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ առաջադրուած միւս թեկնածուներուն՝ ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ, նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանին, որ ստացաւ ընդամէնը 3 ձայն, եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբիկ Յակոբեանին, որ ինքնաբացարկ յայտնեց:

Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ինք պայքարող մարդ է, կը սիրէ պայքարիլ եւ համոզուած է, որ անձ մը ինքզինք աւելի ամուր կը զգայ, եթէ պայքարի իբրեւ արդիւնք ձեռքբերումներ վաստակած ըլլայ։

 


comments

Advertisement