Ուսուցիչները կը բողոքեն. «Առանց այդ էլ աղքատավարձ ենք ստանում»

By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Մի՛ ստրկացրէք ուսուցչին», «Փակելով ուսուցչի բերանը՝ փակում էք մի ամբողջ սերնդի բերան» կարգախօսներով պաստառներ բարձրացուցած՝ կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքին մօտ 29 Ապրիլին հաւաքուած էին Երեւանի տարբեր դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներ, որոնք եկած են պահանջելու, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան հրաժարի կրթութեան ոլորտի աշխատակիցներուն աշխատավարձերէն 5 տոկոս պարտադիր կուտակային պահումներ ընելու որոշումէն:

«Առանց այդ էլ նախարարութեան շնորհիւ մենք այսօր ստանում ենք աղքատավարձ: Դրանից էլ են ուզում գումար պահել, ուղղակի ամօթ է: Ես ստանում եմ 32,000 դրամ, որից պահւում է 2000 դրամ: Մեր աշխատավարձը հաշուի առնելով՝ դա մեծ գումար է», «Նիուզ»ին ըսած է Երեւանի թիւ 50 դպրոցի ուսուցիչ Օֆելեա Յարութիւնեանը:

Պատասխանելով «Նիուզ»ի թղ-թակիցին այն հարցումին, թէ ցոյցին մասնակցելով չեն վախնար իրենց աշխատանքը կորսնցնելէ՝ ուսուցիչը յայտնած է, որ դպրոցները չեն հինգ տոկոս պահողը, այլ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, հետեւաբար իրենք չեն վախնար նման քայլէ:

Անոր համաձայն՝ եթէ իրենց հարցերը չլուծուին, ուսուցիչները պատրաստ են գործադուլ կատարելու:

Ուսուցիչներուն միացած են նաեւ կուտակային կենսաթոշակներու պարտադիր բաղադրիչի դէմ պայքարող «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնք յայտարարած են, որ պիտի աջակցին բոլոր անոնց, որոնք համարձակութիւն կ՛ունենան պայքարելու իրենց իրաւունքներուն համար:


Ցուցարարներուն դիմաց կային մեծ թիւով ոստիկաններ, որոնք պատ կազմած էին նախարարութեան շէնքին դիմաց:


comments

Advertisement