Երեխաները կուրութենէ փրկելու կարեւոր յառաջդիմութիւն Հայաստանի բժշկական մարզին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Տհասութեան ցանցենիի հիւանդութիւն» ախտորոշումը ունեցող նորածինները ասկէ ետք վիրահատութեան պիտի ենթարկուին Հայաստանի մէջ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ փոքրիկներուն՝ կուրութեան սպառնալիքին տակ չգտնուելու։ Առողջապահական ոլորտին մէջ եղած այս նոր ձեռքբերման հիմքը Հայկական ակնաբուժական նախագիծի (ՀԱՆ) եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ իրականացուող «Մանկական կուրութեան կանխարգելման գերազանցութեան կենտրոն»ի ծրագիրն է, որ կը պայքարի մանկական կուրութեան դէմ՝ կանխարգիլելով փոքր տարիքին ցանցենիի հիւանդութիւնը: Այժմ ծրագիրը հասած է արդէն ամէնէն վճռական հանգրուանին՝ վիրահատութիւններուն, որոնք մինչեւ այսօր չէին կատարուեր ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ: Այս հարցին մէջ ՀԱՆը դիմած է Բրիտանիոյ մէջ աշխատող բժիշկ Սույ Չեպն Վոնկի օգնութեան, որ մեծ պատրաստակամութեամբ համաձայնած է այցելել Հայաստան եւ իրականացնել իւրայատուկ վիրահատութիւններ եւ վերապատրաստել մասնագէտներ:


29 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սույ Չեպն Վոնկ նշեց, որ առաջին բարեյաջող վիրահատութիւնը կատարուած է 28 Ապրիլին: Անիկա տեւած է շուրջ չորս ժամ: «Արտերկրի մէջ բժիշկները յաճախ չեն ուզեր նման վիրահատութիւններ կատարել, որովհետեւ ատիկա ծանր բեռ է, եւ յաճախ վիրահատութիւնները կրնան դրական չըլլալ, այսինքն՝ երբեմն կարելի չէ հրաշքներու սպասել», դիտել տուած է բժիշկը:

Անոր համաձայն՝ փոքր տարիքին ցանցենիի հիւանդութիւն ունեցող երեխաներուն պարագային տեսնելու հաւանականութիւնը 50 առ հարիւր է, սակայն այդ եւս կարեւոր է, որովհետեւ այլապէս երեխան կատարեալ խաւարի կը դատապարտուի։ «Ինծի համար մեծ պատիւ է, ես շատ ուրախ եմ մասնակցելու այս նախաձեռնութեան», նշած է մասնագէտը։

«Վերարտադրողական առողջութեան, պերինատոլոգիայի, մանկաբարձութեան եւ գինեկոլոգիայի հանրապետական ինստիտուտ»ի տնօրէն բժիշկ Ռազմիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ այս վիրահատութիւններու կիրարկումը Հայաստանի առողջապահական բնագաւառին մէջ մեծ յեղաշրջում է։ «Նախքան այդ այն չէր իրագործւում: Ուզում եմ նշել, որ ռետինոպաթիան ունի իր ծանրութեան աստիճանները եւ բոլոր այն դէպքերում, երբ թեթեւ են աստիճանները, ապա բուժումը 90 տոկոս արդիւնք կարող է տալ», յայտնած է Աբրահամեան։ Ան նշած է, որ յառաջիկային առողջապահութեան նախարարութեան մէջ պիտի քննարկուին նաեւ վիրահատութեան այս տեսակի արժէքի, անոր կիրարկման հարցերը՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ 0-7 տարեկան երեխաներուն համար բժշկական օգնութիւնը անվճար է: Ան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի մէջ տարեկան շուրջ 150 նորածին կը տառապի ցանցենիի հիւանդութեան տարբեր աստիճաններէ:

Հայաստանի գլխաւոր ակնաբոյժ, ՀԱՆ բժշկական տնօրէն փրոֆեսէօր Ալեքսանդր Մալայեան շեշտած է, թէ գլխաւորը այն է, որ առողջապահական համակարգին մէջ առաջին կարեւոր քայլը կատարուած է: «Հասարակութեան ուշադրութիւնը դէպի առողջութիւնը, բժշկութիւնը սուր է եղել: Ազգային առողջապահութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի այս ձեռքբերումը, քանի որ կ՛օգնի նորածինների, մանկական եւ վաղածնունդ նորածինների բարդագոյն ակնային խնդիրները յաղթահարելուն», յայտնած է Մալայեան:

Ան բացատրած է. «Անհաս երեխաների ցանցաթաղանթի ախտահարումը յանգեցնում է անվերադարձ կուրութեան, եւ հէնց այդ խնդիրը յաղթահարելու նպատակով կազմուել է մէկ թիմ, որը որպէս մէկ ամբողջականութիւն աշխատանքներ է տարել ոլորտում ձեռքբերումներ արձանագրելու համար: Աշխատանքի հիմքում փոխադարձ վստահութիւնն է, մէկս միւսին վստահում եւ հաւատում էինք եւ կարողացանք հասնել յաջողութեան», աւելցուցած է ակնաբոյժը:

ՀԱՆի նախագահ, բժիշկ Ռոջեր Օհանեսեան՝ ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները, նշած է, որ իրենց համար շատ կարեւոր է այս քայլը։ «Մինչ այժմ շատ մանուկներ Հայաստանում կարող էին ձեռք բերել անհատների ռետինոպաթիա, այժմ մենք ի վիճակի ենք փրկել երեխաներին ձեռքբերովի կուրութիւնից», ըսած է Օհանեսեան՝ աւելցնելով, որ այս ողջ նախաձեռնութիւնը մեծ, հսկայական ծախսերու առնչուած է, սակայն իրենք ուրախ են, որ արտասահմանէն ժամանած բժ-իշկները, ինչպէս նաեւ տեղացի մասնագէտները անշահախնդիր կերպով ներգրաւուած են գործընթացին մէջ:

«Ծրագիրը միտուած է գերազանցութիւն ապահովել թէ բուժման, եւ թէ բուժսպասարկման պարագայում: Յոյսով ենք, որ հետեւելով իրենց միջազգային գործընկերներին, հայ մասնագէտները կը շարունակեն յաջողութեամբ վիրահատութիւններ իրականացնել Հայաստանում», ըսած է ՀԱՆի նախագահը:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement