Շուրջ 1000 Սուրիահայու ժամանակաւոր կացարան յատկացուած Է, 900ի՝ աշխատանք

By Asbarez | Tuesday, 29 April 2014


ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ը կազմակերպած էր «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումար, որուն ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերուն հիմնախնդիրները՝ բնակարաններու ապահովում, աշխատանքի հարց ու անոնց լուծման ուղիները: Համագումարին մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ նշած, որ անհրաժեշտութեան պարագային ընդհանուր ծրագիր պիտի իրականացուի նաեւ Հայաստան գաղթող քեսապահայութեան համար:


2012 թուականէն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով Հայաստան գաղթած է մօտ 12 հազար սուրիահայ, որոնց հիմնական խնդիրը կեցութեան վայր եւ աշխատանք ունենալն էր։ 2 տարիներու ընթացքին մօտ 1000 սուրիահայ ընտանիք դիմած է ժամանակաւոր կացարան ձեռք բերելու խնդրանքով:

Բազմաթիւ միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններ, անհատ ձեռներէցներ օժանդակած են վերջիններուն՝ տրամադրելով բնակարաններու վարձքը։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ քանի որ սեփական բնակարան ունենալու խնդիրը պիտի նպաստէ, որ սուրիահայերը մնայուն բնակութիւն հաստատեն հայրենիքի մէջ, Աշտարակի մէջ նախատեսուած է կառուցել «Նոր Հալէպ» թաղամասը:

Աշխատանք ունենալու խնդրանքով Սփիւռքի նախարարութեան դիմած է 1765 սուրիահայ, եւ իբրեւ արդիւնք, այսօր կէսէն աւելին արդէն աշխատանք ունին: Գործարար ոլորտին աջակցելու իմաստով եւ քայլերու ձեռնարկուած են, եւ անոնք պիտի նպաստեն նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: Փոքր եւ միջին առեւտուրով զբաղողներուն համար սահմանուած են վարկային արտօնութիւններ՝ 12 հազար տոլար վարկ, 4 տոկոսով, հինգ տարի մարման ժամկէտով:

«Պետութիւնը մօտաւորապէս կէս միլիոն դոլարից աւելի գումար է յատկացրել մանր եւ միջին բիզնեսի ներկայացուցիչներին, որպէսզի իրենց բիզնեսը դնեն. արդիւնքում՝ արդէն մօտ 70 բիզնես- ծրագիր է կեանքի կոչուել», յայտնած է նախարար Յակոբեանը:

Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները այն վերջին կաթիլներն էին, որոնք զգաստութեան մղեցին միջազգային հանրութիւնը. ան յայտնեց, որ ներկայիս 22 հոգի կը գտնուի Թուրքիոյ Վաքըֆ գիւղին մէջ, եւ Հայաստան Միջազգային կարմիր խաչին ներկայացուցած է պատանդներու ցանկը՝ զանոնք վերադարձնելու խնդրանքով: Սփիւռքի նախարարին համաձայն՝ աշխատանքներ կը տարուին քեսապահայութիւնը հայրենի բնակավայր վերադարձնել


comments

Advertisement