By Asbarez | Wednesday, 30 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արտակարգ իրավիճակներու համակարգի պատմութեան մէջ 30 Ապրիլին առաջին անգամ ըլլալով, արտակարգ իրավիճակներու նախարարին հրամանով, հրշէջ-փրկարարական ջոկատի հրամանատար նշանակուած է երիտասարդ աղջիկ մը՝ Սեւանի յատուկ ջրափրկարարական ջոկատի յատուկ բարդութեան ջրասուզական խումբի հրամանատարի տեղակալ, հարիւրապետ Էվելինա Խաչատրեանը:
Նախարար Ա. Երիցեանի գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին Էվելինա Խաչատրեանին ուղղելով իր խօսքը՝ նախարարը յայտնած է. «Մեր առաջին հանդիպման ժամանակ խոստացար, որ լաւ ես աշխատելու: Տեսնում եմ՝ կատարում ես խոստումդ, բայց կարո՞ղ ես աւելի մեծ պատասխանատուութիւն վերցնել քեզ վրայ»:
«Ամէն ինչ էլ հնարաւոր է, սակայն ես կ՛աշխատեմ արդարացնել ձեր վստահութիւնը», պատասխանած է Է. Խաչատրեան:
Նախարար Երիցեան շնորհաւորած է զայն՝ նոր եւ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով՝ ըսելով, որ կը հաւատայ անոր ուժերուն:
Նոր հրամանատարը ծանօթ է իր անձնակազմին, քանի որ յաճախ միասին կ՛արձագանգեն արտակարգ դէպքերու կանչերուն, ան վստահ է, որ պաշտօնակիցներուն հետ պիտի աշխատին յարգալից ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ՝ շարունակելով նաեւ համագործակցիլ ջրափրկարարական ջոկատին հետ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ