
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ազգային ժողովի 30 Ապրիլի նիստին յայտարարած է, որ ինք մեծ գիտակցութեամբ ստանձնած է իր պաշտօնը: Կառավարութեան հետ ունեցած հարցում–պատասխանի ընթացքին վարչապետը կ՛արձագանգէր ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի այն հարցումին, որ ներկայ կառավարութիւնը արդեօք պատրաստակա՞մ է նախորդ կառավարութեան խայտառակ գործողութիւններուն գնահատական տալու: «Ես միշտ աշխատել եմ շատ թափանցիկ, եւ ցանկանում եմ ասել, որ համաձայն չեմ այն դիտարկման հետ, թէ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութիւնը սկանդալային գործողութիւններ է իրականացրել, իսկ մենք փորձելու ենք վեր հանել բոլոր հարցերը, որոնք յուզում են հանրութեանը եւ հիմնաւոր պատասխանել դրանց: Լինելու ենք անկեղծ եւ չենք ամաչելու ասել, որ մենք սխալուել ենք», հաստատած է վարչապետը:
Յովիկ Աբրահամեան կոչ ուղղած է բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ աշխատելու կառավարութեան հետ: «Մենք պատրաստ ենք աշխատել ձեզ հետ: Համաձայն եմ, որ պէտք է հաշուի առնուեն նաեւ ձեր կարծիքները, սակայն դա պէտք է լինի երկկողմ եւ հաւասարակշռուած, այլ ոչ թէ կառավարութեան դէմ վերնագրեր դնելու եղանակով», դիտել տուած է Աբրահամեան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ ինք արդէն քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեան քայլեր առած է՝ յիշեցնելով, որ ՀԱԿը յայտարարած է, թէ չ՛ուզեր համագործակցիլ կառավարութեան հետ: «Դա ձեր որոշելիքն է. ուղղակի ես ցանկանում եմ հանրութեանը տեղեկացնել, որ մեր ոճը լինելու է ձեզ հետ աշխատելու քայլեր ձեռնարկելը: Եւ ես կարծում եմ, որ այս ամբիոնը պէտք է լինի ոչ թէ բռունցքներով կռուի, այլ մտքի եւ գաղափարների կռուի ամբիոն», յայտնած է վարչապետը:
Աբրահամեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ բոլոր նախարարներուն եւ կառավարութեան անդամներուն յանձնարարած է յարգալից ըլլալ պատգամաւորներուն նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ կ՛ակնկալէ նաեւ պատգամաւորներու նոյնանման վերաբերմունք՝ կառավարութեան նկատմամբ: