By Asbarez | Wednesday, 30 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցող «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու վերաբերող նախագիծի քննարկման ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ, թէեւ Սահմանադրական դատարանը զանոնք նկատած է հակասահմանարդական, բայց եւ այնպէս կարգ մը կազմակերպութիւններ կը ստիպեն մարդիկ՝ վճարումներ կատարելու։
«Դրանք պէտք է լինեն ոչ թէ պարտադիր, այլ կամաւոր սկզբունքով», նշած է Մինասեան՝ շարունակելով, որ, ըստ օրէնքի, մինչ օրս կատարուած պահումները ենթակայ են վերադարձուելու:
«Դրանք պէտք է անյապաղ վերադարձուեն», շեշտած է բանախօսը՝ ընդգծելով, որ «մինչ օրս այն անհատներն, ովքեր անգամ չեն հետեւել հարկային պարտաւորութիւններին ու չեն կատարել պարտադիր վճարումներ՝ ոչ մի իրաւաբանական պատասխանատուութիւն չպէտք է կրեն»:
Արծուիկ Մինասեան այս առնչութեամբ տուած է շարք մը իրաւական հիմնաւորումներ ու աւելցուցած, որ այսօր աշխատակիցի սեփականութիւնը հանդիսացող աշխատավարձը կը սահմանափակուի իր կամքին հակառակ, ինչ որ հակասահմանադրական է. «Համաձայն Սահմանադրական դատարանի որոշման՝ այդ որոշումն այլեւս հակասահմանարդական է», նշած է պատգամաւորը:
Անոր համաձայն՝ վերլուծութիւնները ցոյց տուած են, որ պարտադիր վճարողներուն թիւը Հայաստանի մէջ կազմած է 270 հազար եւ աւելի, իսկ իրաւաբանական ու անձնական կազմակերպութիւններուն թիւը կը գերազանցէ տասնեակ հազարը:
«Սա նոյնպէս հակասահմանադրական է համարւում», նշած է Արծուիկ Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ