Արդիւնաբերութիւնը անկում արձանագրած է, Տնտեսութիւնը՝ աճ

By Asbarez | Wednesday, 30 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 2014 թուականի առաջին երեք ամիսներուն Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութիւնը անկում կրած է՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով։


30 Ապրիլին հրապարակուած Ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի Հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական վիճակը 2014 թուականի Յունուար-Մարտին» զեկոյցին համաձայն՝ արդիւնաբերական արտադրութեան անկումը կազմած է 2.8 տոկոս:

Անկում արձանագրուած է նաեւ ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ՝ 5.5 տոկոսով:

2014 թուականի Յունուար-Մարտին՝ 2013ի Յունուար-Մարտին հետ բաղդատելով՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 3.3 տոկոսով:


comments