Բակօ Սահակեան Շուշիի զարգացումը կը նկատէ Արցախի առջեւ ծառացած գերխնդիրներէն մէկը

By Asbarez | Friday, 02 May 2014


 


ՇՈՒՇԻ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Մայիսին այցելած է Շուշի քաղաք: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ նախագահը մասնակցած է արցախեան պատերազմի անուանի հրամանատարներէն մէկուն՝ Շուշիի պաշտպանական շրջանի հրամանատար, «Մարտական խա»չ առաջին աստիճանի շքանշանակիր, գնդապետ Վաչագան Իշխանեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարի բացման արարողութեան: Ան կարեւոր նկատած է արցախեան ազատամարտին աշխոյժ մասնակիցներուն յիշատակի յաւերժացումը՝ թէ՛ քաղաքական, թէ բարոյական տեսանկիւններէ:

Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան մասնակցած է 2013ի աշխատանքներու ամփոփման նուիրուած շրջանի վարչակազմի նիստին: Զեկոյցներով հանդէս եկած են վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Կասեանը եւ համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Բակօ Սահակեան Շուշիի շրջանի եւ համահայկական արժէք ու կարեւորութիւն ունեցող Շուշի քաղաքի զարգացումը նկատած է հանրապետութեան առջեւ ծառացած գերխնդիրներէն մէկը՝ աւելցնելով, որ նման իւրայատկութիւն յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ համապատասխան մարմիններուն ուսերուն եւ կը պահանջէ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման գործընթաց: Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։

 


comments