By Asbarez | Friday, 02 May 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Ադրբեջանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի յայտարարութիւնն Ադրբեջանի ապակառուցողական դիրքորոշման հերթական դրսեւորումն է՝ միտուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի եռանախագահութեան ձեւաչափի խաթարմանը եւ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արհեստական ձգձգմանը»:
«Արցախփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի պատասխանատուն՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախարարութիւնը ի՞նչպէս կը մեկնաբանէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու, անոր հետ աշխատելէ հրաժարելու եւ զայն այդ պաշտօնէն զանց կացուցելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի յայտարարութիւնը:
«Ադրբեջանի նման կեցուածքը վկայում է ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման մէջ նրա շահագրգռուածութեան բացակայութեան մասին», նշած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ աղբիւրը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ