60 Մարդամեքենայ պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դպրոցներուն ու համալսարաններուն

By Asbarez | Friday, 02 May 2014


 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւններու միութիւնը (UITE) Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դպրոցներուն ու կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններուն 60 ուսումնական մարդամեքենայ պիտի տրամադրէ: Ապրիլ 30ի նիստին Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է ստացող դպրոցներուն եւ համալսարաններուն ցանկը:

Ուսումնական հաստատութիւններուն պիտի տրամադրուի 60 ուսումնական մարդամեքենաներ՝ իւրաքանչիւրը 504 հազար դրամ արժողութեամբ: Երեւանի մէջ ստացողներու կարգին են 4 դպրոցներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական մանկավարժական եւ ճարտարագիտական համալսարանները: Այլ մարդամեքենայ մըն ալ «Ինսթիգեյթ» ընկերութեան (UITE-ի անդամ) ուսումնական կեդրոնին պիտի տրուի։

 


comments