By Asbarez | Monday, 05 May 2014

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Մայիսին ընդունած է Եւրոպայի եւ Սպանիոյ թագաւորութեան խորհրդարաններու խումբ մը պատգամաւորներ եւ անոնց ընկերակցող անձեր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է եւրոպական տարբեր կառոյցներու եւ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը՝ ատիկա նկատելով օգտակար Արցախի համար թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ հայկական Սփիւռքին հետ կապերու ամրապնդման տեսանկիւններէ:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, Հայաստանի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը, «Հայաստանի եւրոպական ընկերներ» կազմակերպութեան տնօրէն Էդուարդօ Լորենցօ Օչոան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
«Մեր այցելութեան նպատակը անձամբ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին ծանօթանալն է: Տեսնել, թէ ինչպէս կ՛ընթանան ժողովրդավարական գործընթացները, ինչպէս կը վերականգնի Արցախը պատերազմէն ետք, մօտէն ծանօթանալ երկրին, ժողովուրդին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ինաքի Իրազապալպէիթիա Ֆերնանտեզ։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը ինքնորոշման իրաւունքի ճամբուն վրայ Արցախի ձեռքբերումները նկատելի գտած է. «Բոլոր ժողովուրդները, անկախ անկէ, թէ ուր կ՛ապրին, իրաւունք ունին ինքնորոշուելու: Քաթալոնիան արդէն ինքնորոշման տիրացած է, Սկովտիան նոյնպէս այդ ճամբուն վրայ է: Ես կը կարծեմ, թէ Եւրոպան այս երկու երկիրներուն օրինակով պէտք է հասկնայ, որ փոքր ազգերը նոյնպէս իրաւունք ունին ինքնորոշուելու: Եւրոպան պէտք չէ մոռնայ իր արեւելեան եզրագիծը, իսկ ատիկա Ղարաբաղն է: Մենք՝ ինքնորոշման ճամբուն վրայ գտնուող երկիրներս, պէտք է միասին Եւրոպան դարձնենք այնպիսի կառոյց մը, որ հիմնուած ըլլայ մարդոց իրաւունքներուն վրայ եւ ընկերային իմաստով բոլորին համար հաւասար ըլլայ, ոչ թէ խարսխուած ըլլայ տնտեսական կամ ազգային շահերու վրայ», նշած է Ֆերնանտեզ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ