By Asbarez | Monday, 05 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է վերջին հրամանագիրները՝ աւարտին հասցնելով նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը:
Այդ հրամանագիրներով՝ Գաբրիէլ Ղազարեան, որ մինչ այդ կը ղեկավարէր Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մարմնակրթութեան վարչութիւնը, նշանակուած է Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, իսկ Սերգէյ Կարապետեան վերանշանակուած է գիւղատնտեսութեան նախարար։
Այսպիսով, 18 հոգինոց կառավարութեան 10 նախարարները պահպանած են իրենց պաշտօնները: Անոնք են՝ Արմէն Գէորգեան (տարածքային կառավարման նախարար), Արտեմ Ասատրեան (աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար), Արմէն Երիցեան (արտակարգ իրավիճակներու նախարար), Էդուարդ Նալբանդեան (արտաքին գործոց նախարար), Սերգէյ Կարապետեան (գիւղատնտեսութեան նախարար), Արմէն Աշոտեան (կրթութեան եւ գիտութեան նախարար), Յասմիկ Պօղոսեան (մշակոյթի նախարար), Սէյրան Օհանեան (պաշտպանութեան նախարար), Հրանոյշ Յակոբեան (սփիւռքի նախարար) եւ Գագիկ Բեգլարեան (փոխադրութեան եւ կապի նախարար):
Նորանշանակ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան նոր նախարարներն են՝ Արմէն Մուրադեան (առողջապահութեան նախարար), Յովհաննէս Մանուկեան (արդարադատութեան նախարար), Արամայիս Գրիգորեան (բնապահպանութեան նախարար), Կարէն Ճշմարիտեան (տնտեսութեան նախարար), Երուանդ Զախարեան (ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար), Գաբրիէլ Ղազարեան (մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար), Նարեկ Սարգսեան (քաղաքաշինութեան նախարար) եւ Գագիկ Խաչատրեան (ելեւմուտքի նախարար):
Յաջորդը քայլով վարչապետ Աբրահամեան պէտք է ներկայացնէ իր կառավարութեան ծրագիրը, որուն Ազգային ժողովը պէտք է հաւանութիւն տայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ