ՄԱԿը Դեկտեմբեր 12ին Կրնայ Քննել Արցախի Հարցը

By Էյ.Փի.Էյ. | Wednesday, 31 August 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ըստ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախնական օրակարգին, «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն կացութիւնը» եւ «ՎՈւԱՄի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան եւ Մոլտովա) տարածքէն ներս երկարամեայ տագնապներն ու անոնց հետեւանքները համաշխարհային խաղաղութեան, ապահովութեան եւ զարգացման վրայ» նիւթերը կրնան քննութեան առարկայ դառնալ Դեկտեմբեր 12ի նիստին:

Յայտնենք, թէ նոյն նիւթերը առաջադրուած էին նաեւ անցեալ տարի, սակայն քուէարկութեան չէին դրուած:

comments