By Թերթ | Wednesday, 31 August 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեքշաբթի, 30 Օգոստոսին հիւսիս-արեւելեան սահմանային զօրամաս կատարած այցի ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բարձրաստիճան զինուորականներու, Տաւուշի մարզային ղեկավարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ այցելեց նաեւ մարտական դիրքեր:
«Լրատուամիջոցների հետ զօրամասեր այցերով մենք հասարակական իրազեկութեան բարձրացման հայեցակարգի խնդիր ենք լուծում», ըսաւ նախարարը:
«2011ը յայտարարուած է զինուորական պատրաստուածութեան եւ պաշտպանական որակական յառաջընթացի, նաեւ մարտական վարպետութեան որակի բարձրացման տարի», լրագրողներու հետ երէկուան զրոյցի ընթացքին նշեց պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը: Ան նշեց, որ զօրավարժութիւններ ու զօրախաղեր կ՛իրականացուին այն հատուածներուն մէջ, ուր պաշտպանութեան խնդիր կայ:
«Կարգապահութեան ամրապնդման կիսամեակ ենք յայտարարել՝ ղեկավար օրգաններում հրամանատարական պատրաստուածութեան կատարելագործման առումով: Այդ գործընթացն ուղեկցուելու է զօրամասերի ու զօրամիաւորումների ներդաշնակմամբ: Մեծ ուշադրութիւն ենք դարձնում նաեւ պահեստազօրային զօրավարժութիւններին», տեղեկացուց նախարար Օհանեան: Նախարարը շեշտեց նաեւ, որ բանակի ղեկավարութեան մշտական ուշադրութեան ներքոյ է համալրման խնդիրը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերում (ԶՈՒ) խառը համալրման սկզբունքը մնալու է գերակայ ուղղութիւն. զօրակոչի հետ մէկտեղ պայմանագրային ծառայութեան քանակն ենք ընդլայնում: Սահմանային բնակավայրերում ու զօրամասերում պայմանագրային տարրն ենք ընդլայնում, որը հնարաւորութիւն է ստեղծում քայլեր տանել՝ դէպի անցում մասնագիտական բանակի», ընդգծեց ան, աւելցնելով, որ պայմանագրային ծառայութեան մէջ կ՛ընդգրկուին երիտասարդներ, որոնք արդէն իսկ անցած են զինուորական ծառայութիւն, հմուտ են, իսկ զանոնք ներգրաւելու միջոցով կը լուծուին նոյն պայմանագրային ծառայողներու հասարակական խնդիրները:
«Միւս ամենակարեւոր ուղղութիւնը սպառազինութեան եւ ռազմական ճարտարագիտութեան համալրումն է: Արդիականացնում ենք զինտեխնիկան, բարձրացնում մեր մարտական կարողութիւնները: Բացի այդ, կարեւոր է կարգապահութեան ամրապնդումը», աւելցուց պաշտպանութեան նախարարը: Ամփոփելով առաջին կիսամեակը, նախարարը հաւաստիացուց, որ վերջին երկու տարիներուն կատարուած են շարք մը բարեփոխումներ:
«Հայ զինուորը պատուով է կատարում սահմանների պաշտպանութիւնը, ինչպէս պատուով էր պաշտպանում արցախեան գոյամարտի ժամանակ», արձանագրեց նախարարը:
Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքը ուղղելով իր այցելած զօրամասի հրամանատարական, սպայական եւ զինուորական համակազմը՝ ըսաւ. «Ձեր գումարտակը փառաւոր ճանապարհ է անցել. այն գրեթէ միշտ յաղթանակած է եղել եւ խորհրդային եւ յետխորհրդային՝ Արցախեան գոյամարտի տարիներին»: Նախարարը նշեց, որ գումարտակը մարտական պատրաստուածութեան արդիւնքներով բարձր ցուցանիշներ արձանագրած է 2010-2011ին:
«Իւրաքանչիւր զինուորի համար մեծ պատիւ է ծառայել այստեղ եւ պաշտպանել հայրենիքի սահմանները», ընդգծեց Օհանեան:
Իբրեւ անկախութեան ակնառու ձեռքբերում՝ պաշտպանութեան նախարարը մատնանշեց պատերազմական թոհուբոհի մէջ տարբեր զօրամասերու եւ հայոց կանոնաւոր բանակի ստեղծումը:
«Մեր բանակի ամենամեծ ձեռքբերումը յաղթանակն է, եւ այն պէտք է պահպանել», շեշտեց Սէյրան Օհանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ