By Asbarez | Wednesday, 07 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան մէջ չի թուիր, որ հակում կայ մասնակցելու կառավարութեան ծրագիրի քուէարկութեան:
Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի եւ խորհրդարանական խմբակցութեան միացեալ նիստին ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան»ի պատգամաւորները հերթաբար ելոյթ ունեցած են՝ կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին առաջարկելով, որ իրենց խմբակցութիւնը միասնաբար չմասնակցի քուէարկութեան:
Նայիրա Զոհրաբեան յայտարարած է, թէ ներկայ դրութեամբ քառեակին մէջ ալ կայ քուէարկութեան չմասնակցելու տեսակէտ: Միաժամանակ, սակայն, Վարդան Օսկանեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ասիկա չի նշանակեր դէմ կանգնիլ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութեան:
«Ես չեմ ուզում դէմ քուէարկել, ես չեմ ուզում նաեւ ձեռնպահ մնալ: Շատ հիմնաւորուած եւ արդարացուած կը լինի ասել կառավարութեանը, որ մենք ձեռնպահ ենք լինելու…. Ոչ թէ ձեռնպահ, այլ չենք քուէարկելու, ուղղակի քեզ հնարաւորութիւն ենք տալու, որպէսզի դու գնաս աշխատես, եւ մենք տեսնենք քո՝ այս ծրագրի մէջ դրածը կարողանո՞ւմ ես իրականացնել, թէ ոչ…», ըսած է Օսկանեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան»ի մէկ այլ պատգամաւոր՝ Միքայէլ Մելքումեան աւելցուցած է, թէ նոյնիսկ քուէարկութեան չմասնակցելով կուսակցութիւնը պիտի գտնէ բանաձեւը կառավարութեան հետ յարաբերելու: «Հիմա որ ծրագիրը բերեն, մենք չենք ասելու դա վատ ծրագիր է: Մենք ասելու ենք՝ ցոյց տուէք այն երաշխիքները, որ դուք կարող էք կատարել այդ ծրագիրը», յայտնած է պատգամաւորը:
Լսելով կուսակիցներուն առաջարկները՝ Ծառուկեան ըսած է, թէ ինչ որ մեծամասնութիւնը որոշէ, խումբը ատիկա պիտի ընէ մէկ մարդու պէս:
Հրապարակուած տեսանիւթի մը մէջ նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են Գագիկ Ծառուկեանի աղմկայարոյց ելոյթէն, որուն մէջ ան կը յայտարարէ, թէ յաջորդ ընտրութիւններուն Հանրապետականը այլեւս պիտի չյաղթէ։ Հոն Ծառուկեան նաեւ կ՛անդրադառնայ իր եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յարաբերութիւններուն՝ պնդելով, թէ բարեկամութիւնը քաղաքականութեան հետ կապ չունի:
«Բարեկամութիւնը քաղաքական կատեգորիա չէ, ասենք, բարեկամութեան պատճառով մարդիկ այսօր վերլուծութիւններ են անում, տեսակէտ են ասում, եւ հիմնական՝ մեզ մօտ անձերի խնդիր չի եղել: Հիմնական խնդիրը՝ մօտեցումը, տեսակէտը եւ այսօրուայ իրավիճակն է՝ երկրի տնտեսութեան եւ երկրի կարգավիճակը, ժողովրդի վիճակը, ապրելակերպը: Ամենակարեւորը ծրագիրը չէ, ծրագրի իրականացումն է, իսկ ծրագիր իրականացնելու համար պէտք է հիմնովին փոխուի: Հիմնովին, որ մարդիկ վստահ լինեն», յայտնած է Ծառուկեան:
Խօսելով փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին՝ Ծառուկեան անուններ չէ տուած եւ չէ յստակեցուցած, թէ արդեօք իր կուսակցութիւնը պատրա՞ստ է Սերժ Սարգսեանի իշխանափոխութեան պահանջք դնելու:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ