Դեսպան Հեֆըրն մեկնաբանած է Ուորլիքի յայտարարութիւնը

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 8 Մայիսին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն անդրադարձած է օր մը առաջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի կատարած յայտարարութեան՝ պարզաբանելով, թէ ինչո՞ւ համանախագահը ճիշդ հիմա կը ներկայացնէ կարգաւորման 6 հիմնարար սկզբունքները:


«Ասոր համար կայ 3 պատճառ, առաջին՝ կ՛ամբողջանայ 14 Մայիսին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրին 20ամեակը, երկրորդ՝ վերջին ամիսներուն ընթացքին կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց չկայ, եւ այս ելոյթով Ոուրլիքը կը փորձէ նոր լիցք հաղորդել բանակցութիւններուն: Եւ երրորդ՝ համանախագահը կ՛ուզէր ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը եւ տարբերակել Լեռնային Ղարաբաղի բուն կարգավիճակը եւ շրջակայ տարածքներու կարգավիճակը, որովհետեւ տպաւորութիւնը այն է, որ երկու մայրաքաղաքներուն մէջ, հասարակութիւններուն մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ տարածքները կը դիտարկուին որպէս ընդհանուր, սակայն անոնք տարբեր են, ուստի ատոր կապուած արդիւնքներն ալ պէտք է տարբեր ըլլան», դիտել տուած է դեսպանը:

Միւս կողմէ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, թէ որեւէ նոր բան չէ լսած ամերիկացի համանախագահին բերնով. 6 սկզբունքները արդէն քանի մը տարիէ շրջանառութեան մէջ դրուած են Մատրիտեան փաստաթուղթին մէջ, բացի թերեւս դիւանագէտին մէկ շեշտադրման:

«Ուրոլիքի ասածի կարեւորութիւնը, կարծում եմ, այն է, որ ինքը ընդգծեց՝ վերջնական կարգավիճակի հարցից չի կարելի խուսափել, եւ որ անպայման այդ հարցնէլ պէտք է լուծուի», յայտնած է Մանոյեան:

Անոր համաձայն՝ Դաշնակցութիւնը կը վերահաստատէ, որ անընդունելի կը նկատէ տարածքներու վերադարձին մասին դրոյթը. «Եթէ 88 թուականին առաջարկած լինէին նման լուծում, կարծում եմ, հայկական կողմը կը համաձայնէր: Բայց այսօր, երբ արդէն Ադրբեջանը պատերազմ է սանձազերծել եւ այդ պատերազմը տանուլ է տուել, այսօր նման բան առաջարկել նշանակում է իրականում փորձել հատուցել Ադրբեջանին իր սանձազերծած, բայց տանուլ տուած պատերազմի համար», հաստատած է Մանոյեան:


comments