Շուշիի ազատագրութեան առիթով Բակօ Սահակեան պետական պարգեւներ յանձնած է

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրութեան օրուան առիթով Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահական նստավայրին մէջ 8 Մայիսին տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:


Երկրի ղեկավարը շնորհաւորած է ներկաները Եռատօնին առթիւ եւ պետական պարգեւներ յանձնած խումբ մը երախտաւորներու:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Բ. Սահակեան ընդգծած է, որ 9 Մայիսը իւրայատուկ տօն է, «որն ունի եւ ազգային, եւ համամարդկային խոր իմաստ՝ խորհրդանշելով, առաջին հերթին, ժողովրդի անձնուիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, կեանքի եւ բարութեան յաղթանակը»:

Արարողութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ հիւրեր Սփիւռքէն:


comments

Advertisement