By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անընդունելի եւ մտահոգիչ նկատած է Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի ելոյթը:
Դաւիթ Իշխանեանի կարծիքով՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ ելոյթին ընթացքին չի նշուիր «Մատրիտեան սկզբունքներ» բառակապակցութիւնը, սակայն անիկա բաց պարունակի մէջ կը ներկայացուի հանրութեան. ամբողջ ելոյթը խարսխուած էր Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ: «Դաշնակցութիւնը բազմիցս հնչեցրել է, որ Մադրիդեան սկզբունքների շուրջ կառուցուող բանակցային գործընթացը մեզ համար անընդունելի է, եւ որեւէ քայլ, որը կարող է վնասել Ղարաբաղի ապագային, անմիջականօրէն կը ստանայ իրեն համարժէք պատասխանը», յայտնած է Իշխանեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշած է, որ բազմիցս Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ շատ կոշտ դիրքորոշումներ հնչեցուած են Մատրիտեան սկզբունքներուն վերաբերեալ, եւ յայտնած, թէ այսօր ալ լիայոյս է, որ Արցախի իշխանութիւնները իրենց տեսակէտը ոչ միայն չեն փոխած, այլեւ կոշտ կերպով պիտի արձագանգեն Ուորլիքի այս ելոյթին, որ, ինչպէս ան կը ներկայացնէ, ամերիկեան կողմի յստակ դիրքորոշումն ու քաղաքական գիծն է:
Անոր համաձայն՝ այս քաղաքական գիծը չի տարբերիր միւս երկու՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու քաղաքական գիծէն: Իշխանեան նշած է, որ ասիկա նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ քայլ է՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն ընթացքին բանակցային գործընթացին մէջ իր դերակատարութիւնը ցոյց տալու, առաջատար դեր ստանձնելու համար:
Փոխզիջումներուն առնչութեամբ Դաւիթ Իշխանեան հաստատած է, որ Արցախի կողմէ փոխզիջումնային տարբերակը արդէն իսկ 20 տարի առաջ զինադադարի տեսքով եղած է, եւ բոլորն ալ, նաեւ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, շատ լաւ կը գիտակցին այդ փաստին: «Այն փոխզիջման տարբերակները, որ պարոն Ուորլիքը փորձում է մատուցել, մեզ համար անընդունելի է, եւ ոչ միայն անընդունելի է, այլեւ մենք, հաստատակամ եւ հաւատարիմ լինելով մեր որդեգրած սկզբունքներին, պայքարելու ենք այդ սկզբունքներն արմատաւորելու հակառակ դաշտում: Եթէ համանախագահները փորձում են իրենց սկզբունքներն արմատաւորել մեր դաշտում՝ ի դէմս համերաշխութեան կոչերի, խաղաղութեան մեծ համաձայնագիր տերմինների, այս ամէնով մեր հանրութեան մէջ նոր սերմեր են ցանկանում մտցնել, սակայն մենք արդէն իսկ ունենք մեր տեսակէտը եւ հէնց դա պէտք է նրանց համար ընդունելի դարձնել», նշած է ան։
Իշխանեան համոզուած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութեան անպտուղ պիտի ըլլայ որեւէ բանակցային գործընթաց: Բանակցութիւններուն ընթացքին կարելի չէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին տեսակէտը. Լեռնային Ղարաբաղը տարածքային փոխզիջման տարբերակը չի կրնար ընդունելի նկատել, հաստատած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ