ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Կուտակային կենսաթոշակային օրէնք»ի պարտադիր բաղադրիչին դէմ պայքարող «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները 8 Մայիսին բողոքի երթով հասած են Ֆրանսայի հրապարակ, ուր նստած են գետին՝ Ռոտենի արձանին շուրջ, ու յայտարարած, որ կը սկսին նստացոյցի՝ իրենց պահանջները անմիջապէս կատարելու պայմանով:
Անոնք կոչ ուղղած են Դիմատետրի մէջ արձանագրելու, որ իրենք կը գտնուին արձանին մօտ, որպէսզի ուրիշներ եւս միանան իրենց։
Զիրենք շրջապատած ոստիկանները շարժումի մասնակիցներուն կոչ ուղղած են հեռանալ: Երիտասարդները տակաւին չեն ճշդած, թէ որքան ատեն պիտի մնան հոն:
«Մենք ենք այս երկրի տէրը ու կը նստենք այստեղ՝ որքան ցանկանանք: Մենք անում ենք այն, ինչ պէտք է անէր մեր երկրի նախագահը, այդ պատճառով դուք բոլորդ ձեզ կարող էք զգալ մեր երկրի լիիրաւ նախագահներ», յայտարարած է նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը:
Քիչ առաջ ցուցարարներուն մօտեցած է Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը, որ զգուշացուցած է, թէ անոնց նստացոյցը անօրինական է, եւ եթէ չդադարեցնեն, ոստիկանութիւնը պիտի դիմէ համապատասխան քայլերու։ Ցուցարարները պատասխանած են, որ իրենք իրենց Սահմանադրական իրաւունքին տէր են, իսկ օրէնքը կը խախտեն ոչ թէ իրենք, այլ իշխանութիւնները՝ ներմուծելով հակասահմանադրական օրէնքներ: