By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».– 6 Մայիսին կայացած է Ազգային ժողովի քառեակի հերթական հանդիպումը, բայց ոչ նախկին «խորը եւ համապարփակ» ձեւաչափով, պարզապէս հանդիպած են, ստորագրած կուտակայինի վերաբերեալ այն վերամշակուած նախագիծը, որ պիտի ուղարկուէր կառավարութիւն: Նախագիծը արդէն ղրկուած է, եւ կը սպասուի կառավարութեան արձագանգին:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Հրապարակ»ի թղթակից Վահէ Մակարեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իրենք նամակին մէջ նշած են, թէ կ՛ակնկալեն մինչեւ 10 Մայիս ստանալ կառավարութեան պատասխանը, որովհետեւ 12 Մայիսին պիտի կայանայ կառավարութեան արտակարգ նիստը, եւ այս նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան արձագանգէն կախեալ է այն, թէ քառեակը նիստին ի՛նչ կեցուածքով պիտի ներկայանայ եւ ի՛նչ դիրքորոշում պիտի ունենայ։
«Այս վերամշակուած նախագծում 99 տոկոսով մեր նախորդ հիմնարար օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն էր, միայն մի բացառութիւն կայ այստեղ. այս տարբերակով մենք առաջարկում ենք վերադարձնել այն գումարները, որոնք փոխանցուել են հիմնարկներից, բայց կամ ամբողջ հաշուին չեն փոխանցուել, կամ կամուրջից դէպի միւս փուլը չեն հասել: Այս առումով ՀԱԿ խմբակցութիւնը փաստաթուղթը ստորագրեց վերապահումով, իրենք գտնում են, որ ֆոնդեր հասածներինն էլ պէտք է վերադարձուեն», ըսած է Վարդանեան:
Անդրադառնալով 12 Մայիսին կառավարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուելիք արտահերթ նիստին՝ Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ օրակարգը դեռ յայտնի չէ, բայց կ՛ենթադրուի, որ նոր կառավարութիւնը պիտի բերի իր ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին այլ հարցեր. «Կախուած մեր այս նախագծի վերաբերեալ կառավարութեան արձագանգից՝ մենք կ՛որոշենք մեր անելիքները: Եթէ կը բաւարարի կառավարութիւնը մեր առաջարկութիւնները, բնականաբար, հարցը կը համարենք փակուած»:
Թղթակիցը հարցուցած է, թէ Յովիկ Աբրահամեանի եւ քառեակի այդ նշանաւոր ու անակնկալ հանդիպման ընթացքին ի՞նչ քննարկեցին ու ընդհանուր յայտարարի չեկա՞ն, որ հիմա նորէն իրենց նախագիծը կ՛առաջարկեն. ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը ըսած է. «Այդ հանդիպմանը մենք բոլոր խնդիրներն առաջադրեցինք, ուղղակի քանի որ այն ժամանակ նորանշանակ վարչապետը խնդրում էր մեզնից որոշ ժամանակ, որ ֆոնդերի կառավարիչների հետ հանդիպեն, որպէսզի ինքն ինչ որ առումով աւելի ազատ լինի, դրա համար մենք համաձայնեցինք: Մենք նախնական ունէինք համաձայնութիւն, թէ ինչի շուրջ կարող ենք մեր տեսակէտները մօտեցնել, բայց դրանից յետոյ, երբ կառավարութիւնը բերեց իր նախագիծն Ազգային ժողով, տեսանք, որ, փաստօրէն, ինչ որ առումով այն շեղւում էր մեր նախնական բանաւոր խօսակցութիւնից եւ պայմանաւորուածութիւնից»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ