Ատրպէյճան «Ապակառուցողական» Կ՛որակէ Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնները

By Asbarez | Monday, 05 September 2011

ՊԱՔՈՒ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր «անհիմն» յայտարարութիւններով կը փորձէ «փոխել սլաքին ուղղութիւնը» դէպի Ատրպէյճանի կողմ, քազանեան հանդիպման հարցով. այս մասին Օգոստոս 31ին խօսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլաեւ:

«Թրենտ» լրատուական գործակալութեան հետ մեկնաբանելով Հայաստանի նախագահի նախօրեակի յայտարարութիւնները՝ Ապտուլաեւ յայտնած է, թէ անոնք նախատեսուած են ներքին օգտագործման համար, «իսկ արտաքին մակարդակի վրայ՝ ամէն ինչ այլ կերպ կը քննարկուի»:

«Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է: Հակամարտութեան կարգաւորման համար Հայաստան նախ պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը բռնագրաւուած տարածքներէն: Այդ քայլը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կանխատեսելիութիւն կը ստեղծէ», յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան բանբերը, պնդելով, թէ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը «կը համընկնի պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշման»:

Ապտուլաեւի խօսքերով, «Սարգսեան իր ապակառուցողական յայտարարութիւններուն մէջ ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման իր անպատրաստութիւնը, որ նաեւ կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման»:

Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական մարմինին եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան ընթացքին, իր ելոյթին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս անխուսափելի համարեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իւրացումը, եւ մեղադրեց պաշտօնական Պաքուն՝ Յունիս 24ին Քազանի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ժամանակ՝ ետքայլ կատարելուն համար:

comments