By Արմէնփրէս | Monday, 05 September 2011
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, «Նեզաւիսիմաիա Կազեթա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնած է, որ ԼՂՀի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն՝ իբրեւ լիիրաւ կողմ, խնդիրի համապարփակ կարգաւորման միակ ճամբան է:
Շեշտելով, որ առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան, հակամարտութեան կարգաւորումը իրական չէ՝ նախագահ Սահակեան ըսած է. «Դա, ի դէպ, ընդունում են նաեւ միջազգային միջնորդները, օրինակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները: Ստեփանակերտը պատրաստ է ուղիղ բանակցութիւնների Պաքուի հետ եւ քննարկել ցանկացած խնդիր: Կարծում եմ, որ բանակցային գործընթացի ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումը միայն ժամանակի հարց է, եւ ինչքան շուտ դա տեղի ունենայ, այնքա՛ն քիչ ժամանակ կը պահանջուի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման համար»:
Անդրադառնալով ԼՂՀ միջազգային ճանաչումին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախի անկախութիւնը չճանչնալու իրաւական հիմքեր գոյութիւն չունին: «Այլ բան է, որ կան աշխարհաքաղաքական մոտիվներ, տարբեր շահեր եւ այլն, որոնք որոշակիօրէն ձգձգում են մեր ճանաչումը», աւելցուցած է նախագահը, նշելով, որ վերջին 3-4 տարիներուն, նախապէս չճանչցուած պետութիւններու ճանաչման գործընթացը թեւակոխած է որակապէս նոր փուլ:
«Միեւնոյն ժամանակ, մեզ համար մեր անկախութեան ճանաչման հասնելը չի կանխորոշւում միայն համապատասխան նախադէպերի առկայութեամբ: Մենք ջանքեր ենք գործադրելու միջազգային ճանաչման հասնելու համար, անկախ այն բանից՝ ճանաչուե՞լ են չճանաչուած պետութիւնները, թէ ոչ: Դրա համար գոյութիւն ունեն բացարձակապէս բոլոր հիմքերը, լինի դա պատմական, իրաւական, քաղաքական կամ էլ բարոյական», եզրակացուցած է Արցախի նախագահը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ