Նալբանդեան վերջապէս կ՛արձագանգէ Ուորլիքի ելոյթին

By Asbarez | Monday, 12 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անցեալ Շաբաթ օր արձագանգելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն՝ ըսաւ, որ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման համար:


««Քառնեկ»ի հաստատութեան մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահի ելոյթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ «Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան Ֆրանսայի հետ միասին ընդհանուր յանձնառութիւն ստանձնած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ու անվտանգութեան մասով» եւ պիտի շարունակեն միացեալ ջանքերը Մինսկի խմբակի շրջանակներուն մէջ՝ համախմբուած ըլլալով խնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակին շուրջ», իր մեկնաբանութեան մէջ նշեց Նալբանդեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, բազմիցս բարձր գնահատած է եւ կարեւոր նկատած ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն հետեւողական ջանքերը՝ աջակցելու տագնապի կողմերուն հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ լուծումին հասնելու նպատակով:

«Ամերիկացի դիւանագէտը իրաւացի է, որ շարք մը առիթներով կողմերը գրեթէ եկած են համաձայնութեան, եւ իբրեւ վերջին օրինակ կը բերէ Քազանի մէջ 2011 թուականի վեհաժողովը», նշեց Նալբանդեան՝ շարունակելով. «Յայտնի է, որ Պաքուի ետդարձներուն, միակողմանի առաւելութիւն կորզելու փորձերուն պատճառով կարելիութիւն չէ ընձեռուած յառաջընթաց արձանագրելու 2011 թուականի Յունիսին Քազանի, 2011 թուականի Մարտին՝ Սոչիի, 2010 թուականի Հոկտեմբերին՝ Ասթրախանի, 2010 թուականի Յունիսին՝ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն, հակառակ անոր որ կողմերը մօտ եղած են համաձայնութիւններու: Յիշեցնեմ, որ Պաքուն նոյն ետդարձները կատարած է նաեւ նախապէս, օրինակ՝ Քազանէն տասը տարի առաջ, 2001 թուականին»:

Ամերիկացի դեսպանը, ըստ Նալբանդեանի, իրաւամբ անընդունելի կը նկատէ շփման գիծի երկայնքին շարունակուող արձակազէններու կրակոցները, մարդկային կորուստները՝ նշելով, որ այդպէս ալ ԵԱՀԿի դէտերը չեն ստացած համապատասխան իրաւասութիւն եւ միջոցներ՝ բացայայտելու պատասխանատուները, կարելի չէ եղած նուազեցնել զինադադարի խախտման տարեկան հազարաւոր դրսեւորումները:

«Մենք բազմիցս, ինչպէս որ եռանախագահ երկիրները, կոչ ուղղած ենք յարգելու 1994 թուականի Մայիսին ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը: Ատրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, մերժած է եւ կը շարունակէ մերժել համանախագահ երկիրներուն կողմէ զինադադարի դրութեան ամրապնդման, շփման գիծէն արձակազէններու հեռացման, զինադադարի խախտումներուն, միջադէպերու քննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ բազմաթիւ առաջարկները», պնդեց Նալբանդեան՝ շեշտելով. «Ատրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ շարունակաբար կոպտօրէն կը խախտէ զինադադարը եւ սադրանքներ կը կազմակերպէ, չի յարգեր իր իսկ կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները՝ զինադադարի պահպանման եւ ամրապնդման վերաբերեալ՝ ոչ միայն 12 Մայիս 1994ին Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած զինադադարի պայմանները, այլ նաեւ 4 Փետրուար 1995ին զինադադարի ամրապնդման վերաբերեալ նոյն եռակողմ ձեւաչափով համաձայնութիւնը, որով Ատրպէյճան պարտաւորուած էր ձեռնպահ մնալ տագնապի սրումին նպաստող յայտարարութիւններէ, խախտումներու մասին անմիջապէս տեղեակ պահել հայկական կողմերը եւ միջնորդները, եւ ոչ թէ շինծու մեղադրանքներով սաստկացնել հակահայկական քարոզչութիւնը: Պաքուն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը խախտէ այդ պարտաւորութիւնը»:

«Երկու օրէն կը լրանայ զինադադարի հաստատման 20ամեակը, եւ կը կարծեմ, որ եռանախագահները պիտի օգտագործեն այդ կարեւորագոյն առիթը՝ հանդէս գալու վճռական ուղերձ պարունակող յատուկ յայտարարութեամբ: Կարեւոր է բացառել ուժի կիրարկումը՝ ատով իսկ առաւել բարենպաստ պայմաններ ստեղծել բանակցային հոլովոյթի յաջողութեան համար», յայտարարեց Է. Նալբանդեան:


comments