By Asbarez | Tuesday, 13 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 13 Մայիսին կայացած Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած՝ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցմամբ ընդունելու հարցը:
Անկէ առաջ քաղաքական խմբակցութիւնները ելոյթ ունեցան վարման կարգով ու ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ դէմ եղած է պարտադիր բաղադրիչին, եւ որ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ քաղաքացիին կամքի արտայայտութիւնը հաշուի առնուած է:
«Բնականաբար, մեր ամբողջական առաջարկներն այս նախագծում ներառուած չեն: Նախագիծը քայլ առաջ է, բայց չի լուծում այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք ընկած են թէ՛ «Դէմ եմ» քաղաքացիական շարժման, թէ՛ բոլորիս պահանջների հիմքում: Մենք ողջամտօրէն հասկանում ենք, որ սա քայլ առաջ է նախկին կառավարութեան կարծր դիրքորոշումից: Ահա՛ ինչու մեր խմբակցութիւնը յստակ արտայայտեց տեսակէտ, որ մենք դէմ չենք այդ նախագծին, բայց նաեւ ամբողջական կողմ չենք, որ նախագիծն ընկալուի որպէս հարցի լիարժէք լուծում: Մենք վստահաբար յայտնում ենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ կառավարութեան հետ աշխատանք տանելու միջոցով վերջնականապէս պարտադիր բաղադրիչը հանել մեր օրէնսդրութիւնից», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ այս նախագիծին:
Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ իրենց համար շատ յստակ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը: «Դուք մեզ հարցեր մի տուէք: Մենք որոշել ենք ձեռնպահ քուէարկել, ընդամէնը օգնում ենք ձեզ: Դուք մտածէք, թէ նախկինում ինչպէս էիք յամառօրէն ասում, թէ դուք էք ճիշդը, եւ չէիք լսում մեզ: Մենք ձեզ հիմա օգնում ենք, որ այս կէս քայլն ընդունուի, եւ պատրաստ ենք աշխատել՝ իսկապէս նորմալ կենսաթոշակային համակարգ ունենալու համար», ըսաւ Վարդանեան։
Միւս կողմէ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ իրենց խմբակցութիւնը «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու հարցին առնչութեամբ իր մօտեցումը փոխեց՝ ըսաւ. «Երէկ մենք յայտարարեցինք, որ չենք կարող դէմ լինել օրինագծին, սակայն սա չի նշանակում, որ կողմ ենք»։
Ռուստամեանի համաձայն՝ քուէարկութեան ձեռնպահ մնալով կառավարութեան վերականգնելու կարելիութիւն կու տան. «Բացի այդ, օրէնքի փոփոխութիւնները նշանակում են, որ ներդրւում է կամաւորութեան բաղադրիչը, որը մեր նախնական նպատակն էր: Մեր մօտեցումը պասիւ ժխտումն էր, նրանցը՝ ակտիւ ժխտումը: Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր քաղաքացի կարող է իր դիրքորոշումը յայտնել օրէնքի վերաբերեալ: Սա լուրջ յաջողութիւն է, քանի որ լիակատար յաջողութեան համար համակարգը պէտք է համապատասխանեցուի պարտադիր կուտակային բաղադրիչի լիակատար վերացման տրամաբանութեանը»:
Ռուստամեան նաեւ նշած է, որ իշխանութիւնները կը փորձեն օրինագիծը ներկայացնել որպէս բարի կամքի դրսեւորում, սակայն այդպէս չէ՝ նկատի առնելով Սահմանադրական դատարանի որոշման առկայութիւնը: Պատգամաւորը նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ գործող կառավարութիւնը չուզեց դառնալ նախորդին իրաւայաջորդը կուտակային կենսաթոշակներու հարցին մէջ:
«Կառավարութիւնը ցոյց է տալիս, որ ցանկանում է հրաժարուել կենսաթոշակային այդ համակարգի ներդրումից, ու մենք օգնում ենք այդ հարցում», եզրափակեց Ռուստամեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ