«Դաշնակցութիւնը առաջարկներ կը ներկայացնէ». Ա. Վարդանեան

By Asbarez | Tuesday, 13 May 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ խօսելով կառավարութեան ծրագիրին մասին, նշեց, որ կառավարութիւնը բոլոր քաղաքական ուժերուն առաջարկած է, որ իրենց առաջարկները ներկայացնեն կառավարութեան, եւ Դաշնակցութիւնը պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումները:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կը մշակէ այդ առաջարկներու ծրագիրը, կմախքը արդէն պատրաստ է, անգամ մը եւս պիտի քննարկեն ու պիտի ներկայացնեն կառավարութեան: «Երբ մեզ ինչ որ աշխատանքներ կամ առաջարկներ անելու յորդոր է արւում, մենք միշտ պատրաստակամ ենք, քանի որ կարծում ենք, որ դրանով կարող ենք օգտակար լինել», ըսաւ Աղուան Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ մօտ 40 կէտէ բաղկացած առաջարկներ ներկայացուած են:

Թղթակիցը հարցուց, որ արդեօք կառավարութիւնը համաձայն պիտի գտնո՞ւի ՀՅԴին ներկայացուցած նախագիծին. Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. «Ես ենթադրութիւններով չեմ առաջնորդւում, մեզ խնդրել են, որ առաջարկներ ներկայացնենք, մենք մեր պատկերացումները, որոնք վերաբերում են կառավարութեան ծրագրին, կը ներկայացնենք, թէ ի՞նչ կանեն, Աստուած իրենց հետ»:

Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, որ արդեօք առաջարկ ներկայացնելը չի՞ պարտաւորեցներ կուսակցութիւնը՝ թեր քուէարկելու կառավարութեան ծրագիրին, Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Մենք ազատ ենք մեր քուէարկութեան ժամանակ եւ որեւէ կախուածութիւն չունենք: Եթէ մեր ներկայացրած առաջարկները կառավարութիւնը ընդունի, բնական է, որ դէմ չենք քուերկի ծրագրին: Կը տեսնենք, թէ կառավարութիւնը ինչ ծրագիր է ներկայացնում եւ կը տանք մեր գնահատականը: Կը տեսնենք այս կառավարութիւնը շարունակո՞ւմ է նախորդ կառավարութեան ծրագիրը, թէ էական փոփոխութիւններ կան նոր կառավարութեան ծրագրերում»:

 


comments