Պետութիւնը կ՛աջակցի համայնքներուն՝ հիմնանորոգելու մանկապարտէզները

By Asbarez | Friday, 16 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի մասնակցութեամբ Արագածոտնի մարզի Կոշ համայնքին մէջ բացումը կատարուած է հիմնովին նորոգուած մանկապարտէզին: Գերմանաբնակ Ռազմիկ Թադեւոսեանի բարերարութեամբ նորոգուած, կահաւորուած եւ բարեկարգուած մանկապարտէզը նախատեսուած է 92 երեխայի համար:


Յովիկ Աբրահամեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն եւ մանկապարտէզի նորոգման նախաձեռնողներուն՝ երեխաներուն համար լաւագոյն պայմաններ ստեղծելու համար: «Սա մեծ բարեգործութիւն է եւ ազգանպաստ աշխատանք: Նման մանկապարտէզներ մենք պէտք է ունենանք բոլոր համայնքներում: Մեր 915 համայնքներից կան այնպիսիք, որոնք չունեն նման կառոյցներ եւ կառավարութեան համար խնդիր է լինելու, որպէսզի կարողանանք համայնքներին աջակցել այդ գործում», նշած է վարչապետը:

Անոր համաձայն՝ մանկապարտէզները համայնքներուն հովանիին տակ կը գործեն, անոնց հարցն է զանոնք պահպանելը, բայց նկատի ունենալով, որ համայնքները նիւթական անհրաժեշտ միջոցները չունին, պետութիւնը պիտի փորձէ ամէն ձեւով աջակցիլ անոնց այս հարցերուն մէջ:

Մանկապարտէզի նորոգութեան համար բարերարը յատկացուցած է 160 միլիոն դրամ: Վարչապետը շրջած է մանկապարտէզին մէջ ու ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն:


comments