«Դէմ Եմ» Նախաձեռնութեան անդամները պիտի շարունակեն բողոքի շարժումները

By Asbarez | Friday, 16 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները շարունակելու են բողոքի ակցիաները, քանի որ «Կուտակային կենսաթոշակային համակարգի մասին» փոփոխուած օրինագծում իրենց պահանջները բաւարարուած չեն»: Այս մասին «Մեդիա» կեդրոնին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է նախաձեռնութեան անդամներէն Տիգրան Մարտիրոսեանը: Նախաձեռնութեան անդամներուն համաձայն՝ կառավարութիւնը գործի կը լծէ մեքանիզմ մը, զոր Սահմանադրական դատարանը արդէն հակասահմանադրական նկատած է: «Կարող ենք ասել, որ կառավարութիւնը գումարները ֆոնդերին փոխանցելու խնդիր է լուծում», նշած է ան։


«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Խաժակեան նշած է, որ նոր օրէնքը կարելի է համարել քաղաքացիներուն պայքարին ձեռքբերումը, բայց անիկա յաջողութեան միայն մէկ դրոյթն է, պայքարը պէտք է շարունակել:

Դաւիթ Խաժակեան ըսած է. «Կառավարութիւնը գործի է դնում մի մեխանիզմ, որը Սահմանադրական դատարան արդէն հակասահմանադրական է ճանաչել, եւ կառավարութիւնը միայն գումարը ֆոնդերին փոխանցելու խնդիր է լուծում»:

«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները պիտի շարունակեն բողոքի շարժումները, քանի որ «Կուտակային կենսաթոշակային համակարգի մասին» փոփոխուած օրինագիծին մէջ իրենց պահանջները բաւարարուած չեն: Սակայն տակաւին որոշուած չէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով պիտի ըլլան բողոքի արտայայտութիւնները։

Նախաձեռնութեան անդամները հետեւողական պիտի ըլլան նաեւ այն հարցին մէջ, որ գործատուները ճնշումներու չենթարկեն աշխատողներին՝ «իւրաքանչիւր ճնշման դէպք հանրայնացուելու է»:


comments