Նոր օրէնքով պետական պաշտօնեաները կրնան չբացայայտել «արարողակարգային» ծախսերը

By Asbarez | Friday, 16 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– 16 Մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովը 65 թեր, 41 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցումով ընդունեց բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու այսպէս կոչուած «արարողակարգային ծախսեր»ու գաղտնի պահուելուն վերաբերող օրինագիծերը:


Փոփոխութիւններ կատարուած են յատկապէս «Գնումների մասին» եւ «Պետական եւ ծառայողական գաղտնիքի մասին» Հայաստանի օրէնքներուն մէջ:

Համաձայն փոփոխութիւններուն՝ «յատուկ պետական պահպանութեան ենթակայ անձանց կեցութեան, սննդի եւ տրանսպորտային սպասարկման, այդ թւում՝ տրանսպորտի տեխնիկական սպասարկման եւ նորոգման, արարողակարգային ծախսերի, այդ թւում՝ պաշտօնական պատուիրակութիւնների ընդունելութիւնների նպատակով միջոցառումների սպասարկման ծախսերը պէտք է իրականացնել գաղտնիութեան պայմաններում»:

Մինչ այս տարբեր պետական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերող նման տուեալներ, նաեւ այլ տեղեկատուութիւններ, հասանելի էին լրատուամիջոցներուն:

Որոշ ընդդիմադիր օրէնսդիրներու կարծիքով՝ այս միջոցը պատասխանն է նախորդ տարուան խայտառակութեան, երբ բացայայտուեցան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գործուղումներուն ծախսերը: Պարզուած էր, որ 2013ին Սարգսեանի արտերկիր կատարած գործուղումներուն համար յատուկ օդանաւերու վարձքը կառավարութեան արժած է աւելի քան 200,000 տոլար:


comments