By Asbarez | Thursday, 15 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը դրական կ՛անդրադառնայ ա-դրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար», «Ka-rabakh-open.info»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
Ըստ անոր՝ այդ մէկը առիթ կու տայ կեդրոնանալու ստեղծման վրայ մեքանիզմներու եւ պայմաններու, որոնք անհրաժեշտ են Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ձեւաւորուած երկու անկախ պետութիւններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի խաղաղ գոյակցութեան համար: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կ՛ապահովի խաղաղ գործընթացի անշրջելիութիւնը եւ պաշտօնական Բաքուի համար ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման անթոյլատրելիութեան ազդանշան կը դառնայ», յայտնած է նախարարը:
Կարէն Միրզոյեան նշած է, որ վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ դրական միտում կայ. տարբեր երկիրներու, նահանգներու եւ մարզերու օրէնսդիր մարմիններ ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մեծ կարեւորութիւն կու տան ղարաբաղեան եւ արտասահմանեան քաղաքներու ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան: Միւս կարեւոր ուղղութիւնը խորհրդարանական մակարդակով համագործակցութիւնն է:
«Ակնյայտ է, որ միջազգային հանրութիւնն աւելի ու աւելի մեծ համակրանք է տածում Արցախի ժողովրդի ազատութեան ձգտումների նկատմամբ եւ յանգում է համոզման, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն արժանի է դառնալ քաղաքակիրթ պետութիւնների լիարժէք անդամ», ըսած է Կարէն Միրզոյեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ