By Asbarez | Monday, 19 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– 29ամեայ Գոռ Առաքելեանը, որ հայ պատգամաւորի ազգականն է, 18 Մայիսին ներկայացած է ոստիկանութեան՝ նախորդ օրը Երեւանի տօնավաճառին մէջ արձակուած կրակոցներուն կապակցութեամբ:
Ըստ ոստիկանութեան մամուլի ծառայութեան՝ Առաքելեանը, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանի փեսան է, գացած է ոստիկանատուն եւ յանձնած «Մակարով» մակնիշի ատրճանակը:
Երեւանի Վերնիսաժին մէջ կասկածեալը օր ցերեկով ինքնաշարժի կանգնեցման պատճառով կրակ բացած է եւ վիրաւորուած 5 անձ, որոնք իրենց ոտքերէն շատ ծանր վէրքեր ստացած են եւ փոխադրուած են հիւանդանոց։
Ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ Առաքելեան ձերբակալուած է, կը կատարուի նախաքննութիւն: Նախապէս քրէական գործ յարուցուած էր ապօրինի հրազէն կրելու եւ խուլիկանութեան համար, որ կատարուած է հրազէնի գործադրութեամբ: Դէպքին մասին այլ մանրամասնութիւններ չկան տակաւին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ