«Արցախը չի վերադառնայ նախկին կարգավիճակին ու սահմաններին». Բակօ Սահակեան

By Asbarez | Monday, 19 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Մայիսին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, որոնց ըսած է. «Արցախը չի վերադառնայ նախկին կարգավիճակին ու սահմաններին»:


Ան հաստատած է, որ Ստեփանակերտ հաւատարիմ է Մինսկի խումբի ծիրին մէջ այս տագնապի խաղաղ կարգաւորման: Ան շեշտած է. «Արցախի համար անկախութիւնն ու ազատութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ վերադարձ անցեալին՝ թէ կարգավիճակի, թէ սահմանների առումով, անհնարին է»:

Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է ֆրանսացի նորանշանակ համանախագահ Փիեռ Անտրէն՝ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու առիթով՝ յոյս յայտնելով, որ ան աշխոյժ մասնակցութիւն պիտի ունենայ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Ժագ Ֆորին՝ անոր անաչառ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:


comments