«Այն պատգամաւորները, որոնք սեփականատէրեր են, պէտք է հրաժարուեն քուէարկութիւնից». Ա. Մինասեան

By Asbarez | Monday, 19 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին քննարկուեցաւ «Հաշուապահական հաշուառման մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը, որով կ՛առաջարկուի մեծ կազմակերպութիւններու ֆինանսնական հաշուետուութիւնները հրապարակելէ առաջ պարտադիր հաշուեքննութեան ենթարկելու պահանջքը վերցնել։


Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան՝ ներկայացնելով ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը, նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ այդ նախագիծին:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ պարտադիր հաշուետուութեան պահանջքը հանելով փորձ կը կատարուի ներկայացնել, թէ գործարար աշխարհին վրայ կը թեթեւնայ այդ բեռը, ոչ ամենեւին, օրինագիծը ընդունելու պարագային պիտի խրախուսուի ստուերը՝ հրաշալի դաշտ ապահովելով փտածութեան զարգացման համար:
Ան նշեց, որ աւելի կանուխ կայացած է հանդիպում մը հաշուապահական կազմակերպութիւններուն հետ, ուր ներկայացուած են փաստարկներ, մտահոգութիւններ, առաջարկ՝ ոչ թէ գաղափարը վերցնել ամբողջութեամբ, այլ փոխել չափանիշները, ուժեղացնել հաշուապահին պատասխանատուութիւնը, բարձրացնել այդ կազմակերպութեան կողմէ ապա-հովագրական համակարգի մասնակցութեամբ ծառայութիւն մատուցելը, սակայն այդ բոլորը չեն արժանացած Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնաժողովի համաձայնութեան: «Կառավարութեան դիրքորոշումը պայմանաւորուած է այն մարդկանց ցանկութեամբ, ովքեր կամ աուդիտորական եզրակացութեան ամբողջ իմաստը լիարժէքօրէն չեն պատկերացնում, եւ թափանցիկութիւնը նրանց համար կարեւոր չէ, կամ նրանք առաջնորդւում են նեղ անձնական շահերով, այսինքն մասնագիտական ու անձնական շահագրգռուածութիւն ունեն այդ համակարգը հանելու: Որեւէ այլ ողջամիտ բացատրութիւն ես չեմ տեսնում: Մենք ասում ենք՝ եղբայր գաղափարը մի վերացրէք, այլ չափանիշները վերանայեք», յայտնեց Արծուիկ Մինասեանը:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ արդէն 18-19 տարի է հաշուապահական հաշուառման քաղաքականութիւն կայ, եւ այս օրինագիծով հարուած կը տրուի այդ քաղաքականութեան: «Աուդիտոր բառը աուդիտորիայից է գալիս, երբ անկախ հաշուապահը գնահատում է կազմակերպութեան կողմից վարուող հաշուապահական հաշուառման վիճակը, ներկայացնում իրական վիճակը, թէ ինչքանով է ճիշդ արտացոլուած կազմակերպութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը: Դժգոհութիւնը առ այն, որ աուդիտորական կազմակերպութիւնները թանկ գումարներ են վերցնում եւ պատասխանատուութիւն չեն կրում, դրանց էլ լուծումներ կան՝ աուդիտորական կազմակերպութիւնները պէտք է կրեն քաղաքացիա-իրաւական բնոյթի պատասխանատուութիւն, միանշանակ դատական կարգով», դիտել տուաւ պատգամաւորը:

Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Ազգային ժողովի նախագահին ուշադրութեան կը յանձնէ այն հարցը, որ կանոնակարգ օրէնքի 6-1ի համաձայն, որ կը սահմանէ պատգամաւորի «էթիկայի կանոնները», եւ 6-2 յօդուածի համաձայն, որ կը սահմանէ պատգամաւորի շահերու բախումը, յստակ պէտք է կիրարկուի այս օրէնքի քուէարկութեան ժամանակ: «Բոլոր այն պատգամաւորները, ովքեր սեփականատէրեր են եւ ենթարկւում են աուդիտի, նրանք իրաւունք չունեն մասնակցելու այս օրէնքի քուէարկութեանը, աւելին, նրանք պարտաւոր են հրապարակային յայտարարել շահերի բախման մասին եւ հրաժարուել քուէարկութիւնից, եթէ դուք դա չանէք, հանրութիւնը կը հրապարակի դա», հաստատեց Արծուիկ Մինասեան:

Կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան դիմելով՝ ան յայտնեց. «Վարսայարդարման լաւագոյն ձեւը գիլէօտինը չէ, աուդիտի գաղափարը պահպանելով հանդերձ, պէտք է փոխել չափանիշները, պահպանել հաշուետուողականութեան չափանիշները, այլ ոչ թէ կացնային մեթոդով վնասել հաշուետուողական քաղաքականութեանն ու ստեղծել բացասական նախադէպ՝ երկրում թաքնուած գործարքները նոր մակարդակի բարձրացնելու համար»:

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան՝ արձագանգելով Արծուիկ Մինասեանի խօսքին, ըսաւ. «Արծուիկ Մինասեանը շատ զայրացած է, բայց փորձում է մտնել ԱԺ նախագահի լիազօրութունների մէջ, պատգամաւորներին կարելի է յիշեցնել, բայց ահաբեկել, չգիտեմ ինչ անել, այս լսարանի համար չէ, ես յորդորում եմ, որ պատգամաւորներից նրանք ովքեր բաժնետէրեր են, մէկ անգամ եւս քննարկեն այս հարցը»:


comments