By Asbarez | Monday, 19 May 2014
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Մարդկային իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Նիլզ Մուժնիէքս դատապարտած է անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ֆրանսացի լրագրողներ Լորան Ռիշարի եւ Էմանուէլ Պախի ձերբակալութիւնն ու անոնց սարքերուն բռնագրաւումը:
Մուժնիէքս «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Մտահոգուած եմ Ատրպէյճանի մէջ ֆրանսացի լրագրողներու ձերբակալութեամբ եւ նիւթերու բռնագրաւումով: Ատիկա հերթական հարուած է այդ երկրին մէջ մամլոյ ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն»:
Ֆրանսացի լրագրողները ձերբակալուած էին Պաքուի օդակայանը: Անոնց արձանագրութեան բոլոր գործիքներուն ու նկարահանած նիւթերուն բռնագրաւումէն ետք, ոստիկանները պարտադրած էին լրագրողներուն, որ նստին Փարիզ ուղղուող օդանաւին մէջ՝ մերժելով ֆրանսական դեսպանատուն կապուելու անոնց դիմումները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ