
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– «Սիվիլնէթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ անդրադառնալով Արցախի մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցումին՝ հաստատած է. «Արցախում կենսաթոշակային բարեփոխումները համահունչ են լինելու Հայաստանի բարեփոխումներին, այլ կարծիք չկայ»:
«Այստեղ հնարաւոր չէ կենսաթոշակային այլ բարեփոխումներ իրականացնել: Մենք տնտեսական նոյն գօտում ենք, եւ սոցիալական հիմնական ծրագրերի մասով՝ աշխատավարձային եւ կեսաթոշակային, նոյն քաղաքականութիւնն ենք վարում: Մենք եւս պատրաստւում էինք փուլային տարբերակով իրականացնել այդ բարեփոխումները՝ ի հարկէ սպասելով Հայաստանի արդիւնքներին», ըսած է Արա Յարութիւնեան՝ աւելցնելով, որ Արցախը կենսաթոշակային բարեփոխումները մտադիր էր կիրարկել 1 Յունուար 2015էն:
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներու վերջին զարգացումները կը յուշեն, որ Արցախի մէջ անհրաժեշտ է զանոնք մէկ տարիով յետաձգել:
«Իմ անձնական կարծիքն այն է, որ մենք պէտք է կենսաթոշակային քաղաքականութեան բարեփոխումներ իրականացնենք, ո-րովհետեւ տասնամեակների կտր-ուածքով դրանք անխուսափելի են: Ի հարկէ, պահը ճիշդ ընտրելը շատ խոր վերլուծութիւն է պահանջում: Միւս կողմից՝ ինչքանո՞վ է այսօրուայ սոցիալական իրավիճակում անհրաժեշտ այս քաղաքականութիւնն իրականացնել. այստեղ պէտք է ազգովի մտածենք եւ համապատասխան որոշումներ կայացնենք», նկատել տուած է Արա Յարութիւնեան։
Անոր համաձայն՝ Արցախի մէջ եւս ստեղծուած են համապատասխան իրազեկման կառոյցներ, եւ կառավարութիւնը կը փորձէ տարբեր հարթութիւններու վրայ հանրութեան ներկայացնել բարեփոխման իմաստը:
«Այս բարեփոխումը կարեւոր է ոչ միայն այսօրուայ, այլեւ ապագայի համար, բայց նաեւ կարեւոր է, որ հասարակական գիտակցութեան աստիճանը համապատասխան լինի այդ բարեփոխումներին», ըսած է վարչապետը՝ ընդգծելով, որ Արցախի մէջ այդ բարեփոխման դէմ չկայ այնքան դիմադրութիւն, ինչպէս Հայաստանի:
Ան դիտել տուած է, որ Արցախի մէջ աւելի դիւրին պիտի ընթանան կենսաթոշակային բարեփոխումները՝ նկատի ունենալով բնակիչներուն քիչ թիւը։