By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Եթէ կենսաթոշակների կուտակային համակարգը շարունակի կրել պարտադիր բնոյթ, ապա այն կը հակասի Սահմանադրութեանը», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Խաժակեանը՝ արձագանգելով երկու օրէ Ազգային ժողովի ամպիոնէն հնչող իշխանական այն պնդումներուն, որոնց համաձայն, պարտադիր բաղադրիչը կուտակային համակարգէն դուրս պիտի չդրուի:
«Եթէ կայ կուտակային, սահմանադրականութեան դէպքում նա պէտք է լինի միայն կամաւոր, եթէ նա պարտադիր է, ուրեմն՝ նա հակասում է Սահմանադրութեանը: Սա անմիջականօրէն բխում է Սահմանադրական դատարանի որոշումից, եւ կառավարութիւնը կամ Կենտրոնական բանկը միայն դա պէտք է ընդունի եւ գործի դրան համապատասխան», ընդգծած է Խաժակեան:
Յիշեցնենք, որ 20 Մայիսին ներկայացնելով կառավարութեան ծրագրային դրոյթները՝ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան «ամբոխահաճոյ» որակած էր կուտակային համակարգի կասեցման գաղափարները եւ ընդգծած, որ անիկա պիտի ունենայ պարտադիր բաղադրիչ: Իսկ նախապէս Կեդրոնական դրամատան վերընտրուած նախագահ Արթուր æաւադեան ըսած էր, որ առանց այդ բաղադրիչին օրէնքին շարժիչ ուժը կը կորսուի: «Ռեֆորմն անհրաժեշտ է, վերջնական դիզայն կ՛անենք, կը ներկայացնենք ձեր դատին», յայտարարած էր æաւադեան: «Դէմ եմ»ի անդամը, սակայն, վստահ է, որ այսօր արտաքինի շպարումով եղած լուծումներուն չի սպասեր հանրութիւնը, այլ՝ բովանդակային:
«Կարելի է համապատասխանեցնել սեփականութեան իրաւունքի մասով, դա տանել բիւջէ, բայց դա ընդամէնը կը լինի կոսմետիկ լուծում: Պէտք է հաշուի առնենք, որ կայ նաեւ տարիքային խտրականութիւնը, որի մասին, չգիտես ինչու, վերջերս շատ քիչ է խօսւում», դիտել տուած է Դաւիթ Խաժակեան:
Շարժման առնելիք քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ գործիչը ըսած է. «Պէտք է շարունակել պայքարը, այստեղ միայն դա է: Մարդկանց պէտք է շարունակել իրազեկել, նաեւ ասել, որ դիմումներ գրուեն, բայց միեւնոյն ժամանակ շարունակել պայքարել, որպէսզի ե՛ւ միջանկեալ այս փոփոխութիւնը վերանայուի, ե՛ւ այդ հետագայ օրէնքը, որը պէտք է գործի դրուի, արդէն համապատասխանի հասարակութեան պատկերացումներին եւ Սահմանադրութեանը»:
«Այսինքն, ես կարծում եմ, որ մենք պէտք է պարբերաբար տեղեկանանք, թէ ինչ փոփոխութիւններ են տեղի ունենում օրէնքում։ Քանի որ արդէն ինչ որ օրէնքը կայ, ըստ էութեան՝ դա կմախքն է, այն մասերը, որոնք իրենք կը փորձեն, էսպէս ասած, դիզայնաւորել եւ համապատասխանեցնել Սահմանադրութեանը, այդ լուծումները, կարծում եմ, պէտք է պարբերաբար հրապարակուեն, իսկ եթէ չէ, ուրեմն՝ մենք պէտք է հասկանանք, որ այնտեղ տեղի է ունենում փոփոխութիւն, որը պէտք է նորից հակասի հասարակութեան շահերին», յայտնած է Խաժակեան: «Այսինքն՝ մենք ձեռքներս ծալած մինչեւ այդ պայմանական Սեպտեմբերի 30ը չենք սպասելու», հաստատած է «Դէմ եմ»ի ներկայացուցիչը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ